image

Միշէլ դրական արձագանգած է սահմանազատման քայլին

Միշէլ դրական արձագանգած է սահմանազատման քայլին

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ ջերմօրէն ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագիրի վերաբերեալ համաձայնագիրը, որպէս երկու երկիրներու միջեւ սահմաններու սահմանազատման հիմք:

Այս մասին ան գրած է X-ի միքրոպլոկին։

Ընդգծելով, որ երկու երկիրներու միջեւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վրայ հիմնուած սահմանազատումը եղած է նաեւ Պրիւքսէլի քննարկումներու առանցքը՝ Միշէլ յոյս յայտնած է, որ այն կը ծառայէ բնականոնացման գործընթացին եւ խաղաղութիւն կը բերէ տարածաշրջանին։