image

ՔՊ-ն մերժեց սահմանազատման վերաբերեալ ընդդիմութեան յայտարարութեան նախագիծի քննարկումը

ՔՊ-ն մերժեց սահմանազատման վերաբերեալ ընդդիմութեան յայտարարութեան նախագիծի քննարկումը

Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանգիր» խմբակցութիւնը դէմ քուէարկեց ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան հեղինակած «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման վերաբերեալ» յայտարարութեան նախագիծին։ Խորհրդարանի կայքը յայտնած է, որ կողմ քուէարկած է՝ 27, դէմ՝ 51 պատգամաւոր: Քուէարկութեան արդիւնքով նախագիծը նստաշրջանի օրակարգի մէջ չէ ընդգրկուած:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը, ներկայացնելով յայտարարութեան նախագիծը, քննադատած է իրականացուող սահմանազատման գործընթացը եւ նշած, որ խմբակցութիւնը փորձած է ներկայացնել յայտարարութիւն, որով կը կանոնակարգուի այդ գործընթացը: Ընդդիմութիւնը կողմ է, որ ըլլայ սահմանազատում, սակայն, ըստ անոնց, ատոր հիմքը պէտք է ըլլան 1993-էն փաստացի գործող սահմանները:

ՔՊ խմբակցութեան անդամ Մարիա Կարապետեանն ըսած է, որ 1993-ի դրութեամբ սահմանը հիմք ընդունելով՝ Հայաստանը կը հրաժարի իր պետական սահմանէն եւ կը վերադառնայ ռազմական գործողութիւններու տրամաբանութեան․ «Սա բացարձակապէս անընդունելի է եւ պարունակում է իրաւական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական ռիսկեր: Թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ադրբեջանը ստորագրել են Ալմա-Աթայի հռչակագիրը 1991-ի դեկտեմբերի 21-ին»։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը յայտնած է, որ խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ նախագիծին, քանի որ այն վտանգներ եւ ռիսքեր կը պարունակէ ՀՀ պետականութեան համար: