image

ՀՀ-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին պայմանաւորուածութիւնն առաջընթաց է խաղաղութեան օրակարգին մէջ․ Պայրամով

ՀՀ-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին պայմանաւորուածութիւնն առաջընթաց է խաղաղութեան օրակարգին մէջ․ Պայրամով

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանազատման յանձնաժողովներու միջեւ վերջին պայմանաւորուածութիւնները առաջընթաց են խաղաղութեան օրակարգին մէջ։

Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքիի հետ հանդիպման ժամանակ։

Պայրամով խօսած է տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակի, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մասին՝ ընդգծելով, որ Պաքուն հաստատակամ է կարգաւորման գործընթացի բոլոր կէտերուն մէջ իրական արդիւնքներու հասնելու հարցով։