image

Փաշինեան եւ Պլինքըն քննարկած են խաղաղութեան գործընթացին, սահմանազատման վերաբերող հարցեր

Փաշինեան եւ Պլինքըն քննարկած են խաղաղութեան գործընթացին, սահմանազատման վերաբերող հարցեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ, յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ քննարկուած են Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններուն, ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին վերաբերող հարցեր:

«Վարչապետը գոհունակութիւն է յայտնել Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւնների ակտիւացման առիթով: Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորել է նաեւ ապրիլի 5-ին Բրիւսէլում ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնների ի կատար ածումը՝ ընդգծելով, որ այդ պայմանաւորուածութիւններն արտայայտուած են հանդիպմանը յաջորդած մամուլի հաղորդագրութեան մէջ, եւ հանդիպումը որեւէ գաղտնի օրակարգ չի ունեցել: Վարչապետը նաեւ դրական է արտայայտուել սահմանազատման գործընթացի մասին՝ ընդգծելով, որ Տաւուշի մարզի Ոսկեպար, Կիրանց եւ Բերքաբեր գիւղերի բնակիչների մտահոգութիւնները հասկանալի են, եւ ամէն ինչ կ՚արուի նրանց լեգիտիմ մտահոգութիւնները հասցէագրելու համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Փաշինեանն ու Պլինքենը ընդգծած են 2022-ի հոկտեմբեր 6-ի Փրակայի քառակողմ հանդիպման ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու կարեւորութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի պարունակին մէջ․ «Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի կողմից միմեանց տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ նոյն հռչակագրի հիման վրայ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի իրականացումը բացում է Հայաստան-Ադրբեջան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ճանապարհը»,- յայտնած են կառավարութենէն։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած է նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը: Վարչապետը նշած է, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները պէտք է բացուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան հիման վրայ, հավասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքով՝ 2023-ի յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի միջնորդութեամբ կայացած եռակողմ հանդիպման ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան։

«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարգաւաճ, ժողովրդավարական եւ անկախ ապագայի վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տեսլականին աջակցելու ջանքերը». այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է Էնթընի Պլինքընի եւ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցի առիթով: