image
Հրատապ լուրեր:

Միսաք Մանուշեանի կիսանդրիի բացում ` Ավինիոնի մէջ

Միսաք Մանուշեանի կիսանդրիի բացում ` Ավինիոնի մէջ

5 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ավինիոնի մէջ շուրջ 400 հանդիսականներու, ի շարս որոնց՝ 15 ընտրեալներու ներկայութեան, տեղի ունեցած է Միսաք Մանուշեանի կիսանդրիին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հանդիսութիւնը սկսած է Արակոնի «Կարմիր որմազդ» բանաստեղծութեամբ յօրինուած Լէօ Ֆէռէի երգով: Ելոյթներ ունեցած են Ավինեոնի Ֆրանքեւհայկական միութեան նախագահուհի Վերոնիք Պրիւնա-Մարտոյեան, շրջանի Հայ նախկին ռազմիկներու միութեան նախագահ գնդապետ Ժիլպէր Մինասեան, Մարսիլիոյ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, Ավինեոնի քաղաքապետուհի Սեսիլ Հել: Երգչախումի եւ փողերախումբի ելոյթներէն ետք մէկ առ մէկ արձագանգած են Մանուշեանի եւ իր 22 ընկերներուն անունները: Ապա, հանդիսականները ուղղուած են մերձակայ շարժանկարի սրահը դիտելու համար Մանուշեանի խումբի պատմութենէն ներշնչուած՝ Ռոպէր Կետիկեանի «L’Armée du Crime» ժապաւէնը: Արարողութիւններու շարքը վերջ գտած է ընդունելութեամբ:

Նշենք նաեւ որ կիսանդրիին հեղինակն է արձանագործ Մարչելլա Քրաց:

 

Լուրը ՝ «Նոր Յառաջ»-էն