Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմաններու բացումը 30 տարի ետք կրնայ արմատապէս փոխել իրավիճակը. Սա առաւել քան երբեւէ պիտի մօտեցնէ Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան, յայտարարած է Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայընը՝ ԵՄ-Կեդրոնական Ասիա գագաթնաժողովի ժամանակ։
Խօսելով Անդրկասպեան միջազգային փոխադրային միջանցքի աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական նշանակութեան մասին, ան ընդգծած է այս միջանցքի արդիւնաւէտութեան համար տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ սահմանային անցումներու պարզեցման կարեւորութիւնը։
«Սեւ ծով ելքի համար կարեւոր են ինչպէս Կեդրոնական Ասիոյ, այնպէս ալ Հարաւային Կովկասի երկիրներու հետ սահմանային անցումները»,-ըսած է Եւրոյանձնաժողովի նախագահը:
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայընը ժամանած է Ուզպեքստան՝ մասնակցելու Եւրոմիութիւն-Կեդրոնական Ասիա առաջին գագաթնաժողովին՝ ապրիլ 3-էն 4-ը։