image

Միրզոյեան- Պու Հապիպ հանդիպում . Յայտնի է օրակարգը

Միրզոյեան- Պու Հապիպ հանդիպում . Յայտնի է օրակարգը

Յուլիս 16-ին Նիւ Եորքի մէջ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի իր գործընկեր Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Հայաստանի ԱԳՆ-ը հաղորդած է, որ քննարկուած են տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցեր, միտքեր փոխանակուած են Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումներու եւ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակի շուրջ։

«Արարատ Միրզոյեանը ներկայացրել է տարածաշրջանում յարատեւ խաղաղութեան հասնելուն ուղղուած ՀՀ ջանքերը, խաղաղութեան օրակարգի կեանքի կոչման ճանապարհին առկայ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներն ու սեղմ ժամկէտներում կնքման կարեւորութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հանդիպման անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկկողմ օրակարգին, ինչպէս նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ ներգրաւուածութեան ու փոխգործակցութեան հարցերու։