image

Միրզոյեան-Պայրամով Քիշնեւի մէջ հանդիպո՞ւմ

Միրզոյեան-Պայրամով Քիշնեւի մէջ հանդիպո՞ւմ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան յայտարարած է Քիշնեւի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան նոր հանդիպման հնարաւորութեան մասին։

Ապրիլ 28-ին Երեւանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ կայացած մամուլի ասուլիսին Քաթրին Քոլոննան, պատասխանելով հարցին այն մասին, որ կոչերը չեն ազդեր Ատրպէյճանի վրայ, ընդգծած է, որ միակողմանի քայլերը չեն կրնար օգտակար ըլլալ, չեն կրնար նպաստել խաղաղ գործընթացին։

Անոր խօսքով, այս սկզբունքային դիրքորոշման հետ համաձայն են միջազգային հանրութիւնը եւ ՄՔԴ-ն։ Նախարարը յայտարարած է, որ կայ բանակցային գործընթաց, որուն Հայաստանը համարձակօրէն ներգրաւուած է, պէտք է ընդլայնել գործընթացը, զարգացնել այն։

«Մենք դեռ չենք խօսած նոր հանդիպումներու մասին՝ երկկողմ, եռակողմ կամ բազմակողմ։ Փրակայի մէջ ձեռք բերուածի հիման վրայ կարեւոր է նոր հանդիպումներուն համաձայնութեան նոր կէտեր գտնել։ Նախարարն այդ մասին աւելի լաւ կ'ըսէ։ Թերեւս Քիշնեւի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջածիրէն ներս նախատեսուող հանդիպման մենք կարողանանք, առիթ ունենանք, յոյս, բարձր մակարդակով երկխօսութիւն կայացնելու, ինչպէս հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ։ Գործընթացն ընթացքի մէջ է»,- նշած է նախարարը։

Անոր խօսքով, այս փուլին միջազգային հանրութիւնը կրնայ խօսիլ սկզբունքներու ու իրաւունքներու մասին, բայց նաեւ գործել եւ ուղեկցիլ, նպաստել գործընթացին։

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական քաղաքական հանրութեան գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ 1 յունիսին, Քիշնեւի մէջ։