Արաբական պետութիւններու լիկայի խորհուրդի՝ նախարարական նիստի ծիրին մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Գահիրէի մէջ 8 մարտին, հանդիպած է Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ նշած են, որ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները հիմնուած են ընդհանուր պատմութեան, դարաւոր բարեկամութեան եւ մշակութային ընդհանրութիւններու վրայ՝ ընդգծելով նաեւ Լիբանանի հասարակական-քաղաքական կեանքի մէջ հայ համայնքի ներդրումը: Արձանագրուած է, որ ժամանակակից շրջանին երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները կը նշանաւորուին նաեւ երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ փոխշահաւէտ համագործկացութեամբ:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին՝ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է 22 փետրուարին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէ Ատպէյճանի նկատմամբ հրատապ միջոցներու կիրառման վերաբերեալ կայացուած որոշման կեանքի կոչման հրամայականը: