image

«Մինչեւ այս պահը բարեբախտաբար հայ զոհեր կամ տուժածներ չկան».Լրագրող Արտիոմ Չերնամորեան

«Մինչեւ այս պահը բարեբախտաբար հայ զոհեր  կամ տուժածներ չկան».Լրագրող Արտիոմ Չերնամորեան

 «Մինչեւ այս  պահը եղած  պատերազմին  հետեւանքով,  փառք Աստծուն հայ զոհեր չունենք»,- այս մասին  «Արեւելք»ին ըսած է    լրագրող  Արտիոմ Չերնամորեանը։  Ան նաեւ նշած է, որ    անձնապէս  կապի մէջ եղած   է  Աշքելոն,Աշտոտ, Բերշաւա  քաղաքներուն մէջ ապրող  մեր հայրեանկիցներուն հետ, ու  անոնք  ապահով  վիճակի մէջ են։ 

 «Ճիշդ է, որ կան  նիւթական մեծ վնասներ,  բայց    այդ էական չէ,  ու կարեւորն այն է, որ մարդկային կորուստներ չունինք»,- ըսած է Չերնամորեան  նշելով նաեւ, որ առաւօտեան ժամերէն ի վեր մեր հայրենակիցները  կը գտնուին  պատսպարաններուն մէջ։ 

 

 Չերնամորեան նաեւ  ըսաւ, որ  կարգ  մը  պարագաներու   ինկած  հրթիռները  շատ մօտ են  մեր հայ հայրենակիցներու բնակարաններէն, ու   գրանցուած են  նիւթական մեծ  վնասներ։