Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը, առաջադրուած խնդիրներուն համապատասխան, կը շարունակէ վերահսկողութիւն իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Հրադադարի ռեժիմի խախտումներ եւ սադրանքներ չեն արձանագրուած: Խաղաղապահ զօրախումբի կողմէ իրադրութեան հսկողութիւնը կ'իրականացուի 23 դիտակէտերու միջոցաւ, ըսուած է Ռուսաստանի ՊՆ-ի հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ մինչ այժմ աւելի քան 44 հազար արցախցիներ վերադարձած են Լեռնային Ղարաբաղ։
Մարդասիրական ականազերծման կեդրոնը կը շարունակէ չպայթած զինամթերքի եւ պայթուցիկ սարքերու որոնողական աշխատանքները: Այսօր ստուգուած է 423 շէնք, 108 քիլոմեթր ճանապարհ, յայտնաբերուած է աւելի քան 9 հազար պայթիւնավտանգ առարկայ, մաքրուած է աւելի քան 250 հեքթար տարածք։
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի մասնակցութեամբ վերանորոգման աշխատանքներ կ'իրականացուին Մարտունիի շրջանին մէջ։ Խաղաղապահներու օգնութեամբ վերականգնուած է ելեկտրամատակարարման համակարգը։ Տարածաշրջանին մէջ ենթակառուցուածքներու վերականգնման եւ խաղաղութեան պահպանման աշխատանքները պիտի շարունակուին ծրագրային կարգով, աւելցուցած է ՌԴ ՊՆ-ն: