Աշխարհը երթալով աւելի անկայուն կը դառնայ, եւ «միջազգային լուրջ հակամարտութեան ներուժը կը մեծնայէ, այլ ոչ թէ կը նուազի»: Այս մասին յայտնած է Շտաբներու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ, զօրավար Մարք Միլին:
Անոր խօսքով` «Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիա ամենամեծ վտանգն է Եւրոպայի եւ, գուցէ, ամբողջ աշխարհի խաղաղութեան ու անվտանգութեան համար»: «Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիա կը սպառնայ խաթարել ոչ միայն եւրոպական խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, այլեւ համաշխարհային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, որու պաշտպանութեան համար այդքան յամառօրէն կը պայքարէին իմ ծնողները եւ ամերիկացիներու ամբողջ սերունդ մը», ըսած է Միլին:
«Այժմ մենք կանգնած ենք երկու համաշխարհային տէրութիւններու` Չինաստանի եւ Ռուսաստանի առջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը զգալի ռազմական հնարաւորութիւններ ունի եւ մտադիր է հիմնովին փոխել համաշխարհային կարգի վրայ հիմնուած ներկայիս կանոնները,- յաւելած է Միլին:- Մենք կը մտնենք աշխարհ մը, որ երթալով աւելի անկայուն կը դառնայ, եւ մեծ միջազգային բախումներու հաւանականութիւնը կը մեծնայ եւ ոչ թէ կը նուազի»: