Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանին մինչեւ 4 Յունիսը ժամանակ տուած է՝ տեղեկութիւններ տրամադրելու Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածէն գերեվարուած 6 հայ զինծառայողի կարգավիճակի մասին: Այս մասին կը յայտնէ Հանրային հեռուստաընկերութեան «Լուրեր» լրատուականը՝ աւելցնելով, որ Կարմիր Խաչի Պաքուի գրասենեակէն գերեվարուած զինծառայողներուն դեռ չեն այցելած:
«Այցի գլխաւոր նպատակն է առաջին հերթին գրանցել այս անձանց, այնուհետեւ սկսել պարբերական կերպով տեսակցել՝ առաջին հերթին ստուգելու պահման պայմանները, այդ անձանց հանդէպ վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ օգնել՝ կապ հաստատել իրենց հարազատների հետ»,-ըսած է Ամատունին:
Յիշեցնենք, որ 27 Մայիսի ի վաղ առաւօտեան ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին մէջ ճարտարապետական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ ատրպէյճանցիները գերեվարած էին 6 հայ զինծառայող:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 27 Մայիսին դիմած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ գերեվարուած 6 հայ զինծառայողի հիմնարար իրաւունքներու ապահովման պահանջով: