Թուրքիայէն Տոնի Ռոսթով՝ հացահատիկ բեռնելու նպատակով ընթացող «Նաթրա» եւ «Ցիրքոն» երկու բեռնատար նաւերը նախորդ գիշեր Ազովի ծովուն մէջ ենթարկուած են անօդաչու թռչող սարքերու յարձակման, որու հետեւանքով զոհուած են հինգ ատրպէյճանցի նաւաստի։ Այս մասին կը հաղորդեն լրատուամիջոցները՝ յղում կատարելով Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան։
«Անցեալ գիշեր օտարերկրեայ երկու բեռնատար նաւեր, որոնց անձնակազմերուն մէջ ընդհանուր առմամբ գտնուած է Ատրպէյճանի 25 քաղաքացի, ենթարկուած են անօդաչու թռչող սարքերու յարձակման։
Նշեալ նաւերը չեն պատկանիր Ատրպէյճանի պետութեան։ Ռուսական կողմէն ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ յարձակման հետեւանքով զոհուած են Ատրպէյճանի հինգ քաղաքացիներ, իսկ եւս երեքը վիրաւորուած են։ Տուժածները տեղափոխուած են Եյսք քաղաքի հիւանդանոցը։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցին շուրջ աշխատանքները կը համակարգէ Ատրպէյճանի համապատասխան պետական կառոյցներու, երկրի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, ինչպէս նաեւ շահագրգիռ պետութիւններու իրաւասու մարմիններու հետ։ Ռուսիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան քանի մը աշխատակիցներ մեկնած են դէպքի վայր։
Ատրպէյճանի քաղաքացիներու առողջական վիճակի, անոնց հայրենիք վերադարձի եւ անհրաժեշտ հիւպատոսական աջակցութեան ցուցաբերման առնչուող հարցերը կը գտնուին մշտական վերահսկողութեան տակ։ ԱԳՆ-ն խոր ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, իսկ տուժածներուն մաղթած՝ շուտափոյթ ապաքինում»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Աւելի վաղ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին լրագրողներուն յայտնած էր, որ Ազովի ծովուն մէջ բեռնատար նաւերու վրայ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներուն ետին կը կանգնի իշխանութիւնը բռնագրաւած քիեւեան նացիստական վարչակարգը։