Իր կարգին սիրերգակ կաթողիկոս մըն էր Գրիգոր Աղթամարցին (1480-1550), որ, ինչպէս ցոյց կու տայ անունը, ծնած ու ապրած է Վանի մէջ եւ բազմած է Աղթամարի կաթողիկոսական աթոռին: Ան կ’անդրադառնայ իր կացութեան խեւութեան, բայց բաւարար ուժ չի գտներ պայքարելու սիրոյ տիրապետութեան դէմ, քանի մէյ մը ինկած է անոր «լափող ծուղակը»...
Սիրով լափեցիր ու արիր զսիրտս խոց, Սիրով լափեցիր ու խոցեցիր սիրտս, Կու տապիմ ու այրիմ որպէս ի հնոց, Խռոված կ’այրիմ՝ իբրեւ հնոցի մէջ,
Սըրտէս կու թափի յոլով հուր ու բոց, Սրտէս հուր ու բոց կը ժայթքէ անվերջ,
Զայդ աստուածագիծ պատկերդ ինձ ցոյց: Այդ աստուածագիծ պատկե՛րդ ցոյց տուր:
Խե՛ւ Աղթամարցի՝ դու բարեաց անջան, Խե՛ւ Աղթամարցի՝ բարիին անպէտ, Ունայն թզենի, փշաբեր անդաստան. Անպտուղ թզենի, փշոտ անդաստան,
Թո՛ղ զսէր աշխարհիս այս անցւորական, Ձգէ՛ այս աշխարհի անցաւոր սէրը,
Զի դառն ու լեղի է յոյժ անպիտան: Որ դառն է, լեղի ու շատ անպիտան:
Լեզուական գոհար մը
--«Իսրայէլեան բանակը զգուշացուց բնակչութիւնը լքելու շրջանը»:
Ամէն ընթերցող, կարդալով այս նախադասութիւնը, զայն հարիւր տոկոսով հասկցած ըլլալ պիտի կարծէ... ու անցնի, ինչպէս ես կարծելու եւ անցնելու վրայ էի, երբ անդրադարձայ, թէ լեզուական նախճիր մըն է, որ գործուած է թեթեւ գրիչով ու թեթեւ ձեռքերով ալ մատուցուած է ընթերցողներուն:
Նման սխրանքներու վարժ է... «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը:
* * *
Սկսելու համար ըսենք, որ զգուշանալ/զգուշացնել բայերը բացառական հոլով խնրիր կ’առնեն՝ լքելէ, եւ ոչ թէ տրական հոլով խնդիր՝ լքելու:
Այսպէս է եղած հայերէնը ազգային լեզուն դառնալէն ասդին, այսինքն՝ 5-6 հազար տարիէ ի վեր: Եւ ոչ ոք մինչեւ հիմա փորձուած էր խաթարել այդ կարգը:
--Թորոսը ինք կը զգուշանայ եւ Մարկոսն ալ կը զգուշացնէ օղի խմելէ:
--Կիրակոսը ինք կը զգուշանայ եւ Թաթոսն ալ կը զգուշացնէ կնիկը ծեծելէ:
--Մարտիրոսը ինք կը զգուշանայ եւ Փանոսն ալ կը զգուշացնէ սխալ գործելէ:
Բնագրային օրինակներ՝
***«Նոր հայկազեան»՝ «Ոչ ասաց զգուշանալ ի խմորոյ, այլ յաղանդոյ»:
***Մալխասեան՝ «Նա ինձ զգուշացրեց վտանգից»:
***Ակադեմիայի բացատրական՝ «Նա զգուշանում էր ոգելից ըմպելիներից»:
Բոլոր թաւագրուած խնդիրները բացառական հոլով դրուած են:
Այսքանը բայիս՝ խնդրառութեան մասին:
Հիմա գանք անոր նշանակութեան:
* * *
Զգուշանալ/զգուշացնել, ինչպէս օրինակներէս նկատեցինք, կը նշանակէ հեռու կենալ կամ կեցնել բանէ մը, որ միշտ ալ բացասական կ’ընկալուի, ինչպէս՝ օղի, հաշիշ, գինի, վտանգ, աղանդ եւ այն: Պարզունակ ոճով՝ հեռո՛ւ կեցէք օղիէն, վտանգէն, աղանդէն եւ այլնէն:
Մեր սերտած օրինակին մէջ զգուշութեան առարկան ոչ աւելի ոչ պակաս... լքել բայն է. ուրեմն՝ այս քաղաքական էջի իմաստուն ու մարդասէր խորհրդատուն կը թելադրէ Պեյրութի Հարաւային արուարձաններու նահատակ բնակչութեան հեռու կենալ շրջանը լքելէ, որ կը նշանակէ՝ «տեղերնէդ չշարժի՛ք, պի՛նդ կառչեցէք ձեր շրջանին»:
--«Իսրայէլեան բանակը զգուշացուց բնակչութիւնը լքելու շրջանը»:
Այսինքն այդ բանակը ճամբայ ելլելէ առաջ ըսած կ’ունենայ. «Չըլլայ որ լքէք շրջանը... ես կու գամ կոր, որպէսզի ձեր բոլորին մայրերը մէկ-մէկ...»:
Մինչ լրատու այլազան աղբիւրներէ ի յայտ կու գայ, որ անոր օդանաւերը կ’ուղղուին դէպի այդ նոյն շրջանը՝ ռմբակոծելու եւ ոչնչացնելու համար զայն:
Ահա այսպէս որոշած ենք փրկել հայերէնը:
Եւ այսպէս ալ որոշած ենք փրկել մեր արաբ հայրենակիցներուն վտանգուած կեանքերը:
* * *
Իսկ թշնամին շատ աւելի վեհանձն ու մարդասէր գտնուած է, քանի լրատուական այլեւայլ ՝ իրենց լեզուն ճիշդ գիտցող աղբիւրներ կը հաստատեն՝
--«Իսրայէլեան բանակը թելադրեց բնակչութեան լքել շրջանը»:
Այո, ան թելադրեց լքել շրջանը եւ ոչ թէ... զգուշացուց լքելէ:
Տարրական հայերէն գիտցողը պիտի զանազանէր ասոնք, պարտաւոր էր զանազանելու այս երկու հակադիր հասկացութիւնները, մանաւանդ երբ, իբրեւ լրագրող, որոշած է լուսաւորել, իրազեկել ու կրթել հասարակութեան միտքը:
Եւ այս աղէտը չբերէր մարդոց չարչարուած գլուխներուն:
3. Եւ... նաեւ...
Հանդարտ եւ ուշադիր կարդանք՝ փորձելով զանազանել հետեւեալ երկուքը.
***Քննութեան յաջողեցան Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը եւ Փանոսը:
***Քննութեան յաջողեցան Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը, նաեւ Պօղոսը:
Ասոնց իւրաքանչիւրը կլոր հաշուով կ’ակնարկէ չորս ենթականերու, որոնք հաւասարապէս յաջողած են ինչ-որ քննութեան մը:
Անոնց համար, որոնք աւելի ուշադիր կարդացին, ապա պիտի նկատած կամ գոնէ զգացած ըլլան, որ ամէն բան հաւասար ու նոյնը չէ երկու խումբերուն միջեւ. Պօղոսը յատուկ լուսարձակի տակ առնուած է, շեշտուած է, որով կ’առանձնանայ միւսներէն. այդ շեշտը կը պարտինք նաեւ շաղկապին, որ ունի եւս տարբերակը. օրինակ՝
***Քննութեան յաջողեցան Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը, Պօղոսը եւս:
Այդ տարբերութիւնը կը պարտինք նաեւ շաղկապին, որ թաքուն շեշտ մը կը դնէ Պօղոսին վրայ, մատնացոյց կ’ընէ ու կը զատորոշէ զայն միւսներէն. ուրեմն բան մը կայ այստեղ. ի՞նչ բան. օրինակ կրնայ ըլլալ որ ան՝
--Մինչ այդ կրած էր բազմաթիւ ձախողութիւններ:
--Լաւ չէր պատրաստուած, եւ վախ կար, որ ձախողէր:
--Անհանգիստ էր, եւ դժուար ներկայացաւ քննութեան:
--Ունէր բնական յոռետեսութիւն մը, թէ պիտի... ձախողի:
Սեղմ եւ սահմանափակ գրութեան մը մէջ նաեւ-ը միայն մէ՛կ անգամ կը կիրարկուի՝ շաղկապելով մէկ կամ մէկէ աւելի առառկաներ: Եւ իրմով կազմուած նախադասութիւնը կ’ըլլայ այդ ամփոփ խօսքին վերջինը:
Մրցոյթ 1.
*** Վերականգնէ՛ հետեւեալներուն շարադասութիւնը.
---Դուրսը ներկաներէն շատեր ոչ միայն իբրեւ փորձագէտ-տնտեսագէտ կ’ողջունէին Վահանը, այլ նաեւ իբրեւ գրող:
---Հոքշթայն Իսրայէլ պիտի այցելէ ՝ չորեքշաբթի Լիբանան այցելելէ ետք:
Ծանօթ.-(Լիբանան այցելութեան օրն է չորեքշաբթին, Իսրայէլ այցելութեան օրը անյայտ է - ԱԵ)
***Ջնջէ՛ հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Իսրայէլեան ուժերը հրկիզող ռումբերով հարուածած են:
***Դուն ի՞նչ կը փոխէիր հետեւեալին մէջ.
---Միացեալ Նահանգներ արտօնած են Ուքրանիոյ՝ յայձակելու Ռուսիոյ խորերը:
***Այցելութի՞ւն , թէ՞ այցելութիւններ:
---Պատուիրակները արարողակարգային այցելութիւն տուին նախագահին, վարչապետին ու սպարապետին:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Համբարձում Յարթունեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (6):
Մրցոյթ 2.
***Սրբագրէ՛ հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Ձեր պարտէզի ծառերը շատ աւելի պտուղ կու տան մեր պարտէզի ծառերէն:
***Հետեւեալ երկուքէն ո՛ր մէկը աւելի արտայայտիչ ու բարեհունչ կը գտնես.
---Սուրիոյ տարածքին 70 տոկոսը իշխանութեան տիրակետութեան տակ չէ:
---Սուիրոյ տարածքին 70 տոկոսը իշխանութեան տիրապետութենէն դուրս է:
***Հետեւեալին մէջ բառային ի՞նչ տեղափոխութիւն կ’ընես.
---Անոնք արծարծեցին քաղաքական իրադարձութիւնները՝ զանոնք նկատելով տարածաշրջանը վտանգող շարժումներ:
***Հետեւեալին մէջ ո՞ր բառը կը փոխարինես հոմանիշով մը.
---Թշնամին նոր ուժեր կուտակեց առ ի նախատեսութիւն հաւանական որեւէ զարգացումի:
***Գտի՛ր քերականական սխալը եւ սրբագրէ՛ զայն:
---Սուրիան Իրաքի անվտանգութեան շարունակութիւնն է, ուստի անոր ապահովութիւնը կարելի չէ անջատել Իրաքէն:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com