image

Միացեալ Նահանգներ պատիժներ սահմանեց Սուրիոյ առաջին տիկին՝ Ասմա Ասատի դէմ

Միացեալ Նահանգներ պատիժներ սահմանեց Սուրիոյ առաջին տիկին՝ Ասմա Ասատի դէմ

ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն յայտարարած է, որ ամերիկեան կողմը պատժամիջոցներ սահմանած է Սուրիոյ նախագահի տիկին Ասմա Ասատի նկատմամբ, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

Ան նշած է, որ սահմանափակումներ մտցուած են նաեւ անոր մտերիմ ազգականներէն մի քանիին նկատմամբ:

Պետական բաժանմունքի ղեկավարը ընդգծած է, որ պատժամիջոցները ընդունելու պատճառը «սուրիական հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերուն խոչընդոտելն է»:

«Ռեժիմի շահերէն ելլելով՝ Ասման գլխաւորած է տնտեսական եւ քաղաքական իշխանութեան միաւորման ջանքերը, այդ շարքին՝ իր այսպէս կոչուած բարեգործական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու միջոցով»,-ընդգծած է Փոմփէոն: