Եւրոպական երկիրներուն մէջ ԱԹՍ-ներու (Անօդաչու թռչող սարք) հետ կապուած միջադէպերու ֆոնին Մեծ Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն ու ՆԱԹՕ-ի այլ երկիրներ Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ 12-ժամեայ օդային մշտադիտարկում իրականացուցած են: Reuters-ի տուեալով՝ այդ մասին յայտնած է Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը:
Ճոն Հիլին նշած է, որ այդ կարեւոր համատեղ առաքելութիւն է եւ միասնութեան ազդանշան Ռուսիոյ նախագահին: Բացի անկէ՝ նախարարի խօսքով, գործողութեան հետեւանքով ՆԱԹՕ-ն հետախուզական արժէքաւոր տուեալներ ստացած է։