image

«Մեզի համար Կազայէն պաղեստինցիներու տեղահանութիւնը ընդունելի չէ». Ամերիկացի դիւանագէտ

«Մեզի  համար Կազայէն  պաղեստինցիներու տեղահանութիւնը ընդունելի չէ». Ամերիկացի  դիւանագէտ

Ուաշինկթըն ոչ մէկ պարագայի թոյլ կու տայ Կազայէն պաղեստինցիներու հարկադիր տեղահանութիւնը կամ տարածաշրջանի սահմաններու վերաձեւումը:

Յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Քամալա Հարրիս Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ Ալ Սիսիի հետ հանդիպման ժամանակ:

«Փոխ նախագահը նաեւ քննարկած է Կազայի մէջ յետ հակամարտային ծրագրման վերաբերող Միացեալ Նահանգներու գաղափարները, ներառեալ՝ անոր վերականգնման, անվտանգութեան ապահովման եւ կառավարման ջանքերը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարրիս ընդգծած է, որ պաղեստինեան «ՀԱՄԱՍ» շարժումը պէտք չէ պահպանէ վերահսկողութիւնը Կազայի շրջանի նկատմամբ:

Անոր կարծիքով՝ իրադարձութիւններու նման զարգացումը կը հակասէ ինչպէս Իսրայէլի, այնպէս ալ պաղեստինցի ժողովուրդի շահերուն ու տարածաշրջանային անվտանգութեան։