image

Մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ «Mining Armenia Forum» համաժողովը 


Մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ «Mining Armenia Forum» համաժողովը      


«Mining Armenia Forum»-ի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ եռակողմ յուշագրի ստորագրութիւն ԶՊՄԿ-ի, ԵՊՀ-ի եւ ՏԿԵ նախարարութեան միջեւ, ըստ որու՝ կողմերը կը պարտաւորուին միաւորել իրենց ջանքերը երկրաբանութեան, հանքարդիւնաբերության, հանքավայրերու շահագործման,հանգային պղնձագործութեան, եւ ջրային երկրաբանութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ՝ գիտահետազօտական աշխատանքներ, համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու համար:

 «Արեւելք»ի  Երեւանի թղթակիցը  կը տեղեկացնէ՝

 Անցնող 27-28 Սեպտեմբերին Հայաստանի Ծաղկաձոր շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ   հանքարդիւնաբերութեան հիմնահարցերուն նուիրուած   կարեւոր համաժողով մը։

 Համաժողովը կը կրէր «Mining Armenia Forum» ընդհանուր խորագիրը, ուր մէկ հարթակի տակ միաւորած էին պետական կառոյցներու, մասնագիտական հանրոյթի, մասնաւոր հատուածի եւ ներդրումային ընկերութիւններու շուրջ 200 ներկայացուցիչներ։ Համաժողովին կը մասնակցէին առաջատար խօսնակներ ոչ միայն Հայաստանէն, այլ նաեւ Մեծն Բրիտանիայէն, Գանատայէն, Ղազախստանէն։ Ըստ կանխատեսումներու՝ աշխարհի մէջ պղինձի պահանջարկը մինչեւ 2035 թուականը գրեթէ կրկնակի աճելու է։ 

«Զանգեզուրի Պղինձամոլիբթէնի կոմպինատ»ի,  (ԶՊՄԿ)  գլխաւոր տնօրէն Ռոման Խուտոլին ներկայացուց Հայաստանի մեծագոյն հանքարդիւնաբերական ընկերութեան եւ ոլորտի զարգացման տեսլականը։ Ան նոյնպէս ընդգծեց, որ համաշխարհային պղինձի ու  մոլիբթէնի  պահանջարկը կ’աճի։ «Հանքարդիւնաբերութեան զարգացումը այլընտրանք չունի ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ, քանի որ մաքուր արուեստագիտութեան անցումը կը պահանջէ աւելի մեծ ծաւալի հանքարդիւնաբերական նիւթերու արդիւնահանում։ Մինչեւ 2050 թուականը ելեկտրական մեքենաներով համաշխարհային յագեցման նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ 80 տոկոսով աւելցնել պղինձի համաշխարհային արտադրութիւնը, որ ըստ տարբեր գնահատականներու, կը նշանակէ  մօտ 195 պղինձի նոր նախագիծ աշխարհի մէջ»,- ըսաւ  ան՝ աւելցնելով, որ ԶՊՄԿ-ն համաժողովին կ’աջակցի  ոլորտի միջազգային լա փորձը եւ նորագոյն զարգացումները Հայաստան բերելու եւ կիրառելու նպատակով:

Անդրադառնալով ոլորտի ներուժին՝ Հանքագործներու եւ պղնձագործներու միութեան նախագահ Վարդան Ջհանեանը ըսաւ, որ 2014-2015 թուականներէն ետք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ աճ չէ արձանագրուած։ Ներկայիս ոլորտին մէջ կայուն վիճակ է, եւ Ջհանեանի խոօսքով, ոլորտի ներուժը մեծ է, ան այսօր ամբողջութեամբ  չօգտագործուիր։ «Մեր ոլորտի զարգացման երեք հիմնական տարբերակ կայ։ Առաջինը այն հանքավայրերու շահագործումն է, որոնք արդէն պատրաստ են գործառնութեան: Ան անմիջական տնտեսական ազդեցութիւն կու տայ։ Երկրորդը, այդ գործող հանքավայրերու ծաւալի զարգացումն ու անոնց արդիւնաւետութեան բարձրացումն է։ Իսկ երրորդ տարբերակը նոր հանքերն են, այս աւելի երկարատեւ ընթացք է»,- նշեց Վարդան Ջհանեան։

Ի՞նչ կը սպասուի  ոլորտի զարգացման, հարցին անդրադառնալով՝ Ջհանեան նշեց․ «Այս հարցին պէտք է միասին պատասխանենք, եւ ոչ միայն այս ֆորումի ընթացքին։ Միասին պէտք է հասկանանք՝ դէպի ուր կ’ընթանայ մեր ոլորտը, ինչ հնարաւորութիւններ ունի եւ ինչպէս պէտք է այդ ներուժը օգտագործենք: Օրինակ՝ քայլերէն մէկը միջազգային չափորոշիչներու ներդրումն է Հայաստանի մէջ, ներդրողներու համար շատ կարեւոր է ունենալ հասկանալի հաշուետւութիւն ընդերքի ու պաշարներու հաստատման վերաբերեալ»։

Ան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ ոլորտը ունի մեծ ներդրում պետութեան ու բանակի հզօրացման գործընթացին մէջ․ «Մեր հարկերը կ’ուղղուին  նաեւ բանակի հզօրացման, այս կարեւորագոյն հարցն է, մեր հասարակութիւնը պէտք է հասկնայ, որ մեր ոլորտը առաջին հերթին կ’աշխատի ի շահ մեր պետականութեան հզօրացման ու տնտեսութեան զարգացման»։


«Mining Armenia Forum»-ի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ եռակողմ յուշագրի ստորագրութիւն ԶՊՄԿ-ի, ԵՊՀ-ի եւ ՏԿԵ նախարարութեան միջեւ, ըստ որու՝ կողմերը կը պարտաւորուին միաւորել իրենց ջանքերը երկրաբանութեան, հանքարդիւնաբերության, հանքավայրերու շահագործման,հանգային պղնձագործութեան, եւ ջրային երկրաբանութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ՝ գիտահետազօտական աշխատանքներ, համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու համար: