Թուրքիոյ Կազիայնթէպ քաղաքին մէջ եղած երկրաշարժը ցնցած է Թուրքիոյ տասնեակ քաղաքներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարբեր շրջանները։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ արաբական ԶԼՄ-ներէ։
Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ զոհերուն թիւը կը գնահատուի հարիւրներով եւ երկու երկիրներու պարագային ալ պետական մարմիններ իրենց ամբողջական ճիգը ի գործ դնելով կը փորձեն փրկարարական աշխատանքներ իրականցնել։
Տխուր լուրեր կը հասնին յատկապէս Հալէպ քաղաքէն, ուր գրանցուած են աւելի քան 250 զոհեր եւ զոհերու մեծաթիւ ըլլալով պայմանաւորուած է տարբեր շրջաններուն մէջ շէնքերու փլուզումներով։
Կը նշուի նաեւ, որ տասնեակ շէնքերու փլատակներուն տակ մնացած են քաղաքացիներ, իսկ օգնութեան աշխատանքները կ՚ընթանան բաւական դժուար կերպով հաշուի առնելով կլիմայական խիստ պայմաններն ու յորդառատ անձրեւը։