Այս առաւօտ կործանած է ինտոնէզիական մարդատար օդանաւ մը։ Այս մասին լուրը կը յայտնէ «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը, նշելով, որ օդանաւը կործանած է թռիչէքն րոպէներ անց։
Կը նշուի նաեւ, որ Boeing 737 տիպի օդանաւին վրայ կային 188 ուղեւորներ, որոնց ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անյայտ։
Նշենք, որ ինքնաթիռը կը պատկանէր Lion Air ընկերութեան եւ այն կ՚ուղեւորուէր Պանկա կղզիի Պանկալպինանգ քաղաքը։
Ըստ նախնական տուեալներու մարդատար օդանաւը ինկած է ծովը եւ Ինտոնէզիոյ մարմինները փրկարար ծովային ջոկատներ ուղղարկած են ծովու խորշը։