Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ռազմաօդային Ուժերուն օդանաւը չէ կրցած վայրէջք կատարել Իսրայէլի «Պէն Կուրիոն» օդակայանին մէջ՝ Եմէնի հուսիներու «Անսար Ալլահ» շարժումին կողմէ հասցուած հրթիռային հարուածի պատճառով։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումով՝ այս մասին կը տեղեկացնէ հուսիներուն պատկանող Al Masirah հեռուստակայանը։
«Եմէնի Զինուած Ուժերու հրթիռային ստորաբաժանումները յաջող ռազմական գործողութիւն մը իրականացուցած են՝ թիրախաւորելով բռնագրաւուած Եաֆֆայի շրջանին մէջ գտնուող Լոտի (Պէն Կուրիոն) օդակայանը՝ օգտագործելով «Պաղեստին 2» վերձայնային պալիսթիք հրթիռ», – յայտարարած է հուսիներու ներկայացուցիչ զօրագունդի զօրավար Եահիա Սարիին։
Ան ընդգծած է, որ գործողութիւնը յաջողութեամբ հասած է իր նպատակին, եւ օդակայանի գործունէութիւնը դադրեցուած է։
Եմէնի Զինուած Ուժերու բանբեր՝ Սարիին, նշած է, թէ այս գործողութիւնը կանխած է «ԱՄՆ-ի ռազմական բեռնատար օդանաւի վայրէջքը օդակայանին մէջ՝ արդէն երկրորդ օրը շարունակ»՝ պարզաբանելով, թէ իրենց քայլերը պատասխան են Իսրայէլի՝ Կազայի մէջ շարունակուող յարձակումներուն։
Իր կարգին, Իսրայէլի Պաշտպանութեան Բանակը յայտնած է, թէ Եմէնէն արձակուած հրթիռէն ետք օդային տագնապի ազդանշաններ հնչած են երկրի բազմաթիւ շրջաններու մէջ։ Իսրայէլեան ուժերը աւելցուցած են, որ իրենք յաջողած են որսալ այդ հրթիռը։