Մարտին Եգիպտոսի ռազմաօդային ուժերու Antonov An-74t-200A փոխադրային օդանաւը անցած է Հայաստանի օդային տարածքով եւ վայրէջք կատարած Կեանճայի օդակայանին մէջ: Այս մասին յայտնած է «Sputnik Արմենիա»ն։
Սովորաբար դէպի Ատրպէյճան ռազմական թռիչքները, այդ շարքին՝ զէնք առաքող, կը թռչին Թուրքիոյ եւ Վրաստանի տարածքով։ Հաշուի առնելով, որ ոչ քաղաքացիական օդանաւերու թռիչքը երկրի օդային տարածքով կ՚ենթադրէ առանձին թոյլտւութիւն։ «Sputnik Արմենիա»ն չուերթի վերաբերեալ տուեալներ խնդրած է Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէէն։
Կոմիտէէն յայտնած են, որ ՀՀ կառավարութեան 2003-ի որոշման (օդային երթեւեկութեան կազմակերպման կանոններու մասին) համաձայն, եթէ միջպետական համաձայնագրով այլ կարգաւորումներ չկան, ապա Հայաստանի օդակայաններու ուղղութեամբ օտարերկրեայ պետական օդանաւերու թռիչքները, այդ օդակայաններէն դուրս եկող, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարածքով տարանցիկ թռիչքները կ՚իրականացուին ԱԳՆ թոյլտւութեան հիման վրայ (ՊՆ-ի եւ լիազօր մարմնի հետ համաձայնեցնելէ ետք):
«Sputnik Արմենիա»ն դիմած է երկրի ԱԳՆ, ուր հաստատած են տարանցիկ թռիչքի վերաբերեալ հարցման առկայութիւնը։
«2025 թ․-ի յունուարի 31-ին եգիպտական կողմը պաշտօնական յայտագրով դիմել է ՀՀ ԱԳ նախարարութիւն՝ մարտի 3-ից 6-ը Եգիպտոս-Ղրղզստան-Եգիպտոս ուղղութիւններով թռիչք կատարելու ընթացքում ՀՀ օդային տարածքով տարանցման թոյլտւութիւն ստանալու նպատակով: Ըստ եգիպտական կողմի տեղեկատւութեան՝ թռիչքն իրականացուել է զօրավարժութիւններին մասնակցելու նպատակով»,-յայտնած են գերատեսչութենէն։
Flightradar24-ի տուեալներով՝ Ատրպէյճանի մէջ վայրէջք կատարելէ ետք օդանաւը շարունակած է թռիչքը դէպի Ղրղզստան։ Մարտ 6-ին այն կրկին ժամանած է Ատրպէյճան, ապա, կրկին Հայաստանի տարածքով, հասած է Եգիպտոս։
Աւելի ուշ եւս մէկ հարցում ուղարկուած է ԱԳՆ եւ ուշադրութիւն հրաւիրուած Ատրպէյճանի մէջ վայրէջքին՝ լրացուցիչ մեկնաբանութիւն խնդրելով այդ կապակցութեամբ։ Մասնաւորապէս՝ արդեօ՞ք ԱԳՆ-ն խնդրայարոյց չի համարեր Ղրղզստանի ճանապարհին օդանաւի վայրէջքը Ատրպէյճանի մէջ։ Սակայն ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն յայտնած են, որ հարցման «արդէն իսկ պատասխանուած է»։
Յաջորդ հարցումն ուղարկուած է արդէն Ղրղզստանի ԱԳՆ՝ խնդրելով տուեալներ տրամադրել զօրավարժութիւններու կամ եգիպտական օդանաւի թռիչքի այլ նպատակի մասին։ Ինչպէս նաեւ խնդրուած է յստակեցնել, թէ արդեօք զօրավարժութիւններուն կամ փոխադրումներուն որեւէ կերպ ներգրաւուած է Ատրպէյճանը:
«Իրաւասութեան համապատասխան՝ կը խնդրենք դիմել Ղրղզստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիական օդագնացութեան պետական գործակալութիւն»,-պատասխանած են Ղրղզստանի ԱԳՆ-էն: Ղրղզստանի գործակալութենէն պատասխանած են գրեթէ երկու ամիս անց՝ յայտնելով, որ օդանաւի վերաբերեալ տեղեկատւութիւն չեն կրնար տրամադրել։
«Տուեալ օդանաւը մեր գրանցման տակ չի գտնուիր։ Հայցուող տուեալները գաղտնի են եւ հրապարակման ենթակայ չեն»,-ըսուած է գործակալութեան պատասխանին մէջ։
Նշուած ժամանակահատուածին մէջ Ղրղզստանի մէջ եգիպտացի զինուորականներու հետ զօրավարժութիւններու կայացման մասին տուեալներ չէ գտնուած։
Աղբիւրը կը նշէ, որ հաշուի առնելով օդանաւի բնութագրերը (կարճ հեռաւորութիւններու ինքնաթիռ)՝ Ատրպէյճանի մէջ վայրէջքը կրնար անհրաժեշտ ըլլալ վերալիցքաւորման համար։ Պաշտօնական պարզաբանում, սակայն, չեն ստացած։