image

Մեր թաղը եւ ...Աւոն. Գրեց՝ Նժդեհ Մկրտիչեան

Մեր թաղը եւ ...Աւոն. Գրեց՝ Նժդեհ Մկրտիչեան

Աւոն այսօր ֆիզիքապէս ներկայ չէ:

Վստահ եմ, տարբեր է մեր թաղը, տարբեր է մթնոլորտը, զգալի է անոր բացակայութիւնը:

Վստահ եմ նաեւ, որ յիշատակը միշտ վառ կը մնայ բոլորին մտքին մէջ:

Հանգիստ ննջէ, Աւօ՛, եւ շարունակէ հսկել մեր թաղը:

Ու աւելի՛ն, հիմա գանգատներդ, մտահոգութիւններդ եւ ըսելիքներդ դարձեալ բաժնեկցիր հօրս Գառնիկին հետ, փոխանցելով նաեւ մեր բարեւներն ու կարօտը:

Հիմա դուք դարձեալ միասին էք` մեզմէ ֆիզիքապէս հեռու, բայց միշտ մեզի հետ:

 

 

 

Մարդկային յարաբերութիւնները անհրաժեշտութիւն են իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ:

Տարբեր տեղեր, տարբեր յարաբերութիւններ միշտ ալ կան, եւ առանց մէկ առ մէկ թուելու, կրնանք բոլորս ալ վկայել, թէ այդ յարաբերութիւններուն շնորհիւ որքա՛ն հետաքրքրական կապեր, որքա՛ն բարեկամութիւններ եւ ընկերութիւններ ստեղծած ենք:

Անոնցմէ կարելի է նշել եւ առանձնացնել նոյն շրջանին, նոյն թաղին, նոյն շէնքին մէջ ապրող մարդոց հետ յարաբերութիւնները, որոնք կը բնորոշուին կեանքի եւ կենցաղային ամէնօրեայ խնդիրներով եւ հարցերով, բայց նաեւ` իրարու հասնելու պատրաստակամութեամբ, երբեմն անտեղի եւ անիմաստ վէճերով, բայց նաեւ` տեսակ մը պատկանելիութեան զգացումով: Մէկ խօսքով` իւրայատուկ մարդկային յարաբերութիւն մը:

Իւրայատուկ այս յարաբերութիւնները մշակելու եւ ապրելու առիթն ու բախտը ունեցած եմ Պուրճ Համուտի մեր թաղին մէջ: Իսկ մեր թաղի այդ կապի գլխաւոր կեդրոնը կը հանդիսանար, ու վստահ եմ տակաւին կը շարունակէ հանդիսանալ, Սեզարին եւ Աւոյին նպարավաճառի խանութը:

Աշխատանքի բերումով, ժամանակին մեծամասնութիւնը Աւոն միշտ ներկայ էր խանութը, այդ պատճառով ալ պիտի փորձեմ լուսարձակի տակ առնել Աւոյին ներկայութիւնը մեր թաղին մէջ, նաեւ անոր դերը` վերը նշուած մեր յարաբերութիւններուն մէջ:

Աւոն մեր թաղի մնայուն ներկան էր: Առաւօտ կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր, շաբաթը 7 օր, տարին 364 օր (միակ փակ օրը` Ապրիլ 24-ին):

Այլ խօսքով` ամէն օր դպրոց, համալսարան, աշխատանքի կամ որեւէ տեղ երթալու եւ այդ բոլոր վայրերէն վերադարձին, կը հանդիպէինք Աւոյին ու անպայման կը բարեւէինք իրարու: Կարծէք տեսակ մը անհրաժեշտութիւն ըլլար: Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ շէնքի գլխաւոր մուտքէն դուրս չէինք ելլեր, ինքնաշարժով անպայման կ՛անցնէինք եւ մեր բարեւը կու տայինք:

Աւոն վստահելի անձ էր: Օրինակ մը տալու համար կարելի է նշել, թէ ինչպէս մեր բանալին, մեր ելեկտրականութեան վճարումի դրամը, մեր պայուսակը, եւ այլն… առանց վարանելու կը յանձնէինք Աւոյին:

Աւոյին խանութը հաւաքավայր էր: Հոն կրնայիր հանդիպիլ բոլորին` դրացիներու, դասընկերներու, ընկերներու, տարբեր շրջաններէ եկած բարեկամներու, նոյնիսկ դպրոցի ընդհանուր հսկիչին (պրն. Թորգոմին) եւ տնօրէնին (ընկ. Տիգրանին):

Աւոն զրուցակից էր տարբեր նիւթերու` քաղաքական, միութենական, ազգային, կուսակցական, բոլոր հարցերու շուրջ ժամերով կարելի էր խօսիլ` մայթին վրայ կանգնած: Իսկ երբ դժգոհէր կամ երբ մեր պատասխանը կամ կարծիքը չհաւնէր, «հատէ տուն ե՛լ, տո՛ւն» ըսելով կը փակէր նիւթը:

Աւոն յամառօրէն մերժեց թրքական ապրանքները, եւ երբ յաճախորդ մը թրքական որեւէ վաճառանիշի անունը տար, Աւոյին պատասխանը լոկ «չունինք»¬ը չէր ըլլար, այլ կ՛ըսէր. «Մենք թրքական ապրանք չենք ծախեր»:

Աշխատասէր էր, չյոգնող, միշտ ոտքի, միշտ նորութիւններով: Նոյնիսկ իր հիւանդութեան ժամանակ ան ոտքի մնաց եւ աշխատանքէն չբացակայեցաւ:

Օգնող էր, եւ անձնական վկայութեամբ կրնամ պատմել, որ «Քորոնա»-ի համաճարակի ատեն, երբ մայրս ու ես վարակուած տունը կը մնայինք, Աւոն անձամբ, առանց տատամսելու` տոպրակները ձեռքին, կ՛այցելէր մեզի` իրեն հետ բերելով մեր պատուիրած ապրանքները:

Աւոն հպարտ հայր էր եւ միշտ ուրախ իր զաւակներուն` Փաթիլին եւ Վահագնին յաջողութիւններով, սիրալիր իր կնոջ` Նաթալիին հետ, եւ մէկ բռունցք իր եղբօր` Սեզարին հետ, որուն միշտ կը դիմէր «եղբայր» ըսելով:

Թաղին, շրջանին, երկրին, ինչպէս նաեւ հայրենիքին ապագայով մտահոգ անձ էր: Կը դժգոհէր, կը գանգատէր, կը վիճէր: Չէր յոգներ նոյն մտահոգութիւնը բարձրաձայնելէ ամէն յարմար առիթի, յատկապէս կուսակցական խումբի ժողովներուն:

Աւոյին մասին վստահաբար շատ մը ուրիշ վկայութիւններ կան, կը պատմուին ու պիտի պատմուին, իսկ այս յօդուածս տարիներու վրայ երկարող դրացիական, աւելի՛ն հարազատ մարդկային յարաբերութեան մը ընդմէջէն Աւոյին յիշատակը վառ պահելու նուիրուած փոքր արտայայտութիւն մըն է:

Աւոն այսօր ֆիզիքապէս ներկայ չէ:

Վստահ եմ, տարբեր է մեր թաղը, տարբեր է մթնոլորտը, զգալի է անոր բացակայութիւնը:

Վստահ եմ նաեւ, որ յիշատակը միշտ վառ կը մնայ բոլորին մտքին մէջ:

Հանգիստ ննջէ, Աւօ՛, եւ շարունակէ հսկել մեր թաղը:

Ու աւելի՛ն, հիմա գանգատներդ, մտահոգութիւններդ եւ ըսելիքներդ դարձեալ բաժնեկցիր հօրս Գառնիկին հետ, փոխանցելով նաեւ մեր բարեւներն ու կարօտը:

Հիմա դուք դարձեալ միասին էք` մեզմէ ֆիզիքապէս հեռու, բայց միշտ մեզի հետ:

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն