image

Լիբանանահայ Բիւզանդ Մկրտիչեանի յաջողութիւնը ՝ «Կլովո» հիմնարկին հետ

 Լիբանանահայ Բիւզանդ Մկրտիչեանի յաջողութիւնը ՝ «Կլովո» հիմնարկին հետ

Կը շարունակենք լուսաբանել տարբեր երկիրներէ եւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելեան ափերէ Հայաստան եկած ու հաստատուած մեր հայրենակիցներու յաջողութիւնները։

Այս ծիրին մէջ տեղին կը համարենք ներկայացնել լիբանանահայ Բիւզանդ Գառնիկ Մկրտիչեանի ունեցած ձեռքբերումները մասնաւորապէս «Կլովո» հիմնարկի յաջողութեան առընթեր։

«Արեւելք» այս առթիւ անգլերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնէ սիրելի Բիւզանդին կողմէ կատարուած գրառումը՝

 

Մեծ յաջողութեամբ կը նշենք Glovo-ին երկրորդ տարեդարձը 

 

 «Կլովո»ի հետ եղածը  հրաշալի ճամբորդութիւն մըն էր՝ լի աճով, «դասերով» եւ հիանալի պաշտօնակիցներով, որոնք մեր իւրաքանչիւր օրը ամբողջական դարձուցին, սկսած գործընկերներէն մինչեւ պաշտօնակիցները։ Ես երախտապարտ եմ բոլորին, որոնք ճանապարհորդութեանս մասնիկներէն մէկը եղան եւ օգնեցին, որ մեր խումբը դրական փոփոխութիւն կատարէ մեր երկրին՝ Հայաստանի մէջ:

Շնորհակալութիւն, որ մեզի վստահեցաք, թէ լաւ եւ թէ վատ պահերուն մէջ: Յաջողութեան եւ համագործակցութեան գալիք տարիներու մաղթանքներով: