image

«Մեր պայքարը այլընտրանք չունի» Իշխան Սաղաթէլեանը մեկուսարանէն

«Մեր պայքարը այլընտրանք չունի» Իշխան Սաղաթէլեանը մեկուսարանէն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը դիմատետրի իր էջին գրած է.

«Սիրելի հայրենակիցներ,

ԱԱԾ մեկուսարանէն կը փոխանցեմ, որ մեր պայքարը կը շարունակուի՝ այն այլընտրանք չունի: Հայաստանի իշխանութիւնը զաւթած անհայրենիքներու խմբակը՝ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, որոշած է ամէն գնով լռեցնել Հայրենիքի կործանման դաւադիր ծրագիրը ձախողցնել փորձող որեւէ մէկուն:

Բայց մենք կորսնցնելու ոչինչ այլեւս ունինք, մենք պիտի շարունակենք այս պայքարը մինչեւ կարողանանք յոյսի լոյս վառել այս խաւարին մէջ:
Մեր կամքը անկոտրում է, հայրենիքի դաւաճանները պատասխան պիտի տան հայ ժողովուրդի եւ հայոց պատմութեան առջեւ:
Այս պահէն բոլորս քաղբանտարկեալ ենք մեր երկրին մէջ, մինչեւ կը կոտրենք մեզի խեղդող բռնակալութեան շղթաները»: