Արժանթինի նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտես աջակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին` կապուած Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին հետ:
«1915 թուականի Ապրիլ 24-ի «կարմիր Կիրակի»ին օսմանեան իշխանութիւնները դաժան ցեղասպանութիւն սկսած է հայ ժողովուրդին դէմ:
Աւելի քան մէկ միլիոն հայ դարձած է մեծագոյն վայրագութիւններու զոհը: Զանոնք տարհանած են եւ ստիպած են քալել հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անապատային տարածքով: Շատերը դաժանաբար սպաննուած են, իսկ միւսները մահացած են սովէն, ծարաւէն ու կտտանքներէն:
Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձած է 20-րդ դարի առաջին «ցեղային զտումը», որ նշանաւորուած է այդ վայրագ իրադարձութիւններով: Արժանթինը դարձած է տարածաշրջանի այն երկիրը, որ ամենամեծ թիւով հայեր ընդունած է սփիւռքի մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին մենք կանգնած ենք զոհերու կողքին` նշելով ժողովուրդներուն միջեւ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան օրը:
Մեր համերաշխութիւնը կը յայտնեմ հայ ժողովուրդին` յիշողութեան պահպանման ուղղուած պայքարին մէջ: Մի՛ մոռնաք: Իմացէ՛ք ճշմարտութիւնը: Պահանջեցէ՛ք արդարութիւնը», գրած է ան Թուիթըրի մէջ: