image
Հրատապ լուրեր:

Մեր հակառակորդները պատրաստ են ցանկացած երկրի մէջ արիւնայեղութիւն եւ ջարդ ստեղծել

Մեր հակառակորդները պատրաստ են ցանկացած երկրի մէջ արիւնայեղութիւն եւ ջարդ ստեղծել

Արեւմուտքի երկիրները կը փորձեն հակամարտութիւններ հրահրել Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) տարածքին։ Այս մասին Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու հետախուզութեան եւ անվտանգութեան ծառայութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։

«Մեր աշխարհաքաղաքական հակառակորդները պատրաստ են մերկացնելու բոլորին, հարուածի տակ դնելու ցանկացած երկիր եւ արիւնալի ջարդ  սանձազերծել։ Առաջին անգամ չէ, որ ականատես կ'ըլլանք ատոր»,-ըսած է Փութին։

Ան նշած է, որ Արեւմուտքը կը փորձէ նորէն բորբոքել հին հակամարտութիւնները՝ ստեղծելով նոր խնդիրներ եւ ճգնաժամեր։

«Միաբեւեռ հեգեմոնիան (գերիշխանութիւն) անխուսափելիօրէն կը փլուզուի: Սա առարկայական իրականութիւն է, որուն Արեւմուտքը կտրականապէս կը հրաժարի համակերպիլ»,-ըսած է Փութին։ Ան յորդորած է վերլուծելու Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ)Ա անդամ երկիրներու անվտանգութեան ռիսքերը եւ զօրացնելու փոխօգնութիւնը։