Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով մեկնաբանած է Թուրքիոյ ԱԳՆ յայտարարութիւնը առ այն, որ Անգարան չի կրնար մէկ կողմ քաշուիլ Ուքրանիոյ առնչուող հարցերուն մէջ:
«Խնդիրները Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ չեն: Խնդիրներ կան Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի միջեւ: Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի: Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցն է», ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը՝ պատասխանելով հարցին, թէ հնարաւո՞ր է արդեօք դաշինքին մէջ Թուրքիոյ դրական դերը Ռուսաստանի համար:
«ՆԱԹՕ-ի երկիրները տարբեր դիրքորոշումներ ունին: Կան երկրներ, որոնք ծայրայեղ դիրքորոշումներ կը զբաղեցնեն, որոնք բարեկամական չեն մեզի համար», յաւելած է Փեսքով:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Անգարան պիտի չարհամարհէ իր սկզբունքները եւ սերտ յարաբերութիւնները Ուքրանիոյ հետ՝ Ռուսաստանի հետ լայն յարաբերութիւններուն պատճառով: