Այսօր «Մեր ձեւով» ժողովրդական շարժման առաջին հաշուետու ժողովին որպէս փորձագէտ եւ յատուկ բանախօս տեսաուղերձով հանդէս եկած է նաեւ 2024 թուականի Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, պարոն Տարօն Աճեմօղլուն։ Այս մասին յայտնած է «Մեր ձեւով» շարժման համակարգող խորհուրդը։
«Պարոն Աճեմօղլուն որպէս խորհրդատու եւ փորձագէտ իր մասնակցութիւնը պիտի ունենայ շարժման կողմէ կազմուող՝ Հայաստանի տնտեսական զարգացման ծրագրի աշխատանքներուն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։