image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր ձեւով» շարժման միացած է Տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Տարօն Աճեմօղլուն

«Մեր ձեւով» շարժման միացած է Տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Տարօն Աճեմօղլուն

Այսօր «Մեր ձեւով» ժողովրդական շարժման առաջին հաշուետու ժողովին որպէս փորձագէտ եւ յատուկ բանախօս տեսաուղերձով հանդէս եկած է նաեւ 2024 թուականի Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, պարոն Տարօն Աճեմօղլուն։  Այս մասին յայտնած է «Մեր ձեւով» շարժման համակարգող խորհուրդը։

«Պարոն Աճեմօղլուն որպէս խորհրդատու եւ փորձագէտ իր մասնակցութիւնը պիտի ունենայ շարժման կողմէ կազմուող՝ Հայաստանի տնտեսական զարգացման ծրագրի աշխատանքներուն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։