image

Մեքքայի Արկածի Զոհերուն Թիւը Հասաւ 717-ի

Մեքքայի Արկածի Զոհերուն  Թիւը Հասաւ  717-ի

 Սէուտական Արաբիա-  («Ռօյթըրզ»)   Նախօրօք յայտնած էինք Մեքքայի  մօտ  պատահած արկածին մասին, ուր  հաւատցեալներ հրմշտուքի հետեւանքով զոհուած էին: «Ռօյթըրզ» այս առումով յայտնեց, թէ    ծանր պատահարին հետեւանքով    մահացած   իսլամ հաւատացեալներուն թիւը հասած է 717-ի  իսկ  վիրաւորներունը՝  805-ի: Աղբիւրը նաեւ  նշած է, որ  զոհերուն թիւը կրնայ  բարձրանալ 1000-ի:  Նոյն աղբիւրը նշեց, որ   զոհերուն մէջ կան   43 իրանցիներ:  Նշենք, որ Միննա  քաղաքը կը  գտնուի Մեքքայէն   5 քիլոմեթր  հեռաւորութեան վրայ:  Այս   տարուան  կրօնական   արարողութեան կը մասնակցէին շուրջ   2  Միլիոն  Իսլամ հաւատացեալներ: