image

Մենք պիտի քուէարկենք յօգուտ Զօր. Միշէլ Աունի. Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Մենք պիտի քուէարկենք յօգուտ Զօր. Միշէլ Աունի. Սէյիտ Հասան Նասրալլա

«Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր պատկերասփռուած ելոյթ մը ունենալով,   յայտարարեց, որ իրենց «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» պլոքը ներկայ պիտի ըլլայ նախագահի ընտրութեան յառաջիկայ նիստին եւ քուէարկէ «Ազգային ազատ հոսանք»ի առաջնորդ՝ Զօր. Միշէլ Աունի օգտին»: Նասրալլա,   վերահաստատելով «Հըզպալլա»ի Աունին հանդէպ ունեցած դրական կեցուածքը ըսաւ, որ ինչ ալ պատահի «Հըզպալլա»ի եւ շիիթ միւս դեւին՝ «Ամալ»ի միջեւ յարաբերութիւնը ամուր է ու կայուն: Հասան Նասրալլայի խօսքով, իրենք առաջին օրէն կողմ եղած են նախագահի ընտրութեան կայացման եւ դէմ չեն, որ Սաատ Հարիրի ստանձնէ երկրի վարչապետի պաշտօնը: Յիշեցնենք, որ Նասրալլա այսօր ելոյթ ունեցած է, կուսակցութեան զինուորական պատասխանատուներէն Սուրիոյ մէջ սպաննուած Հաթէմ Հըմատէյի յիշատակին տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին: