Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի իր ելոյթին ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ Հայաստան կրնայ դեր խաղալ` Ռուսիոյ «նոր գաղութատիրական» նկրտումները ճնշելու մէջ` հաստատելով, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ կանգնիլ Հայաստանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողքին:
Մաքրոնի ելոյթի հիմնական մասը վերաբերած է ռուս-ուքրանական պատերազմին, որուն առաջին տարին պիտի ամբողջանայ, սակայն Ֆրանսայի նախագահը նաեւ անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:
«Քանի մը օրէն պիտի ամբողջանայ Ուքրանիոյ վրայ ռուսական ապօրինի յարձակման առաջին տարին, եւ հակառակ անոր որ մենք չենք կրնար վերջնական եզրայանգումներ կատարել, կրնանք այս տարին ամփոփել եւ կիսել որոշ հեռանկարներով: Բնականաբար, ելոյթիս առանցքը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ սանձազերծած պատերազմը, բայց պէտք է նշեմ, որ մենք չենք մոռնար Կովկասի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ ընթացող պատերազմները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, միջուկային ապահովութեան եւ այլ հարցեր:
Մեր այսօրուան առաքելութիւնն է բացատրել եւ բացայայտ դարձնել, որ Ռուսիա անկայունութիւն եւ քաոս տարածող ուժ է, եւ անիկա այս մէկը կ՛ընէ ոչ միայն Ուքրանիոյ մէջ, այլ նաեւ Կովկասի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի», ըսած է ան՝ աւելցնելով. «Մենք ինչպէ՞ս կրնանք հաւատալ, որ Կովկասի մարտահրաւէրները կրնան յաղթահարուիլ այն նոր գաղութատիրական Ռուսիոյ կողմէ, զոր ես քիչ առաջ նկարագրեցի: Ես այս մէկը կ՛ըսեմ իմ ընկերոջս`վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեան, որուն կողքին կը շարունակենք ըլլալ եւ կը շարունակենք գործել»: