image

Արեւմտեան ափ. Համազգայինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է «Հայաստանի Արդի Գրականութեան» նուիրուած ձեռնարկ

Արեւմտեան ափ. Համազգայինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է «Հայաստանի Արդի Գրականութեան» նուիրուած ձեռնարկ

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին կազմակերպած եւ «Հայաստանի Արդի Գրականութիւն» նիւթին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 11 Յունուարին, Համազգայինի «Արիս Սթամպօլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ։

Ձեռնարկին ներկայ էին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան, համազգայնականներ, մշակութասէրներ, գրասէրներ, արուեստագէտներ եւ համակիրներ։

Ընկերային ջերմ ու մտերմիկ պահէն, ետք Գրական միաւորիս անդամ Արթիւր ջերմ ողջոյններով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յարգելի բանախօսին։ Ան շնորհաւորեց բազմիցս մրցանակակիր Վազգէն Վանատուրը, նշելով մրցանակներէն մի քանին։ Վերջերս, Վանատուր արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գրական մրցանակին։ Ներկաները ծափողջոյններով մասնակից դարձան շնորհաւորանքին։

Ապա Սիրքէճեան հրաւիրեց Գրական միաւորիս անդամ Սեդա Մարթիր Մարտիրոսեան, ներկայացնելու յարգարժան բանախօսին կենսագրականը։

Վանատուրի կենսագրութեան փոխարէն, ան կարդաց անոր հեղինակած «Բախտագուշակ-Շան Տարի» գեղեցիկ բանաստեղծութիւնը, ուր բանաստեղծը կը խօսի իր ծննդավայրին, ծնողքին, մանկութեան, ընկերներուն, ցաւի, կորուստի, բնութեան մասին եւ կ՛ըսէ․ «Ապրել եմ երէկ, ապրում եմ եւ՛ վաղը եւ էլի՛ օրեր»։

Այս ապրումով, Սեդա Մարթիր բեմ հրաւիրեց յարգելի բանախօսը, ներկայացնելու օրուան իր նիւթը, որուն անհամբեր կը սպասէին ներկաները։

Գրականագէտ, բանաստեղծ Վանատուր առինքնեց ներկաները իր բովանդակալից նիւթով, անսահման գիտութեամբ եւ բացառիկ հմտութեամբ, ներկաները իր հետ տանելով տարբեր շրջաններ, գրական տարբեր ոլորտներ, տեսնելու մենութիւններ, հանդիպելու եւ լսելու մեծ գրողներու մեծ գործերէն։ Հետաքրքրական էր անցեալի գրականութեան մասին իր խօսքը։ Անցեալի մեծ գրողներու մասին եղած են հարիւրէ աւելի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս՝ Չարենցի եւ Պարոյր Սեւակի պարագային, որոնք օգնած են գրողի մը սկզբնական քայլերուն։ Արդի գրականութեան պարագային դժբախտաբար պարագան նոյնը չէ, ըսաւ բանախօսը։ Ան ցաւօք յայտնեց, որ ներկայի գրողներուն մասին ոչ մէկ աշխատանք, ոչ մէկ ուսումնասիրութիւն կայ, որ ցուցմունքներ  տայ անոնց քայլերուն։ Վանատուր ներկայ հանդիսականներուն մէջ գտնուող բանաստեղծները մատնանշելով, իր ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը յայտնեց ըսելով․ «Սիրեցէք ձեր շրջապատի գրողները, բանաստեղծները։ Իրենք են մեր ազգին հայելին եւ մեր ապրած կեանքը պատմութեան առջեւ արդարացնողն են»։

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին, տաղանդաւոր արուեստագէտներ ամսունքեցին եւ երգեցին։ Շնորհաւորելի էին։

Շնորհակալական խօսքերով եւ շնորհաւորական մաղթանքներով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։ Ներկաները խանդավառ մթնոլորտի մէջ շարունակեցին զրուցել գրականութեան բոյրով տարուած։ Ձեռնարկը գեղեցիկ էր, ներկայացումը հիանալի։

Սոյն երեկոյին ներկաները, տաղանդաշատ գրականագէտ Վազգէն Վանատուրի գրականութեան ունկնդրութեան վայելքը ապրեցան եւ հոգեպէս լիացած մեկնեցան։