Ուքրանիոյ պատերազմէն յետոյ Ռուսաստանը պէտք է գոնէ վերանայէի իր յարաբերութիւնները Եւրոպայի հետ եւ իր ընդհանուր վերաբերմունքը ՆԱԹՕ-ի նկատմամբ:
Աշխարհի մէջ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը ուքրանական պատերազմի աւարտէն յետոյ էական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի: Այս մասին ըսած է ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըրը:
«Բնական չէ, որ Չինաստանն ու Ռուսաստանը բոլոր տեսանելի հարցերով ունին նոյն շահերը: Չեմ կարծեր, որ մենք կրնանք հնարաւոր տարաձայնութիւններ յառաջացնել (անոնց միջեւ), բայց կը կարծեմ, որ հանգամանքները կ'ընեն այդ: Ուքրանիոյ պատերազմէն յետոյ Ռուսաստանը պէտք է գոնէ վերանայէի իր յարաբերութիւնները Եւրոպայի հետ եւ իր ընդհանուր վերաբերմունքը ՆԱԹՕ-ի նկատմամբ: Կը կարծեմ, որ խելամիտ չէ թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերել երկու հակառակորդներու նկատմամբ այնպէս, որ անոնք միաւորուին, եւ երբ մենք այս սկզբունքը որդեգրենք Եւրոպայի հետ մեր յարաբերութիւններուն եւ մեր ներքին քննարկումներուն մէջ, կը կարծեմ, որ պատմութիւնը հնարաւորութիւններ պիտի տայ, որոնց մէջ մենք կրնանք կիրառել տարբրակող մօտեցում:
Սա չի նշանակեր, որ անոնցմէ որեւէ մէկը Արեւմուտքի մտերիմ բարեկամը պիտի դառնայ, սա միայն կը նշանակէ, որ որոշ հարցերու մէջ, անոնց ծագման զուգընթաց, մենք բաց կը թողենք այլ մօտեցում ունենալու հնարաւորութիւնը: Յառաջիկայ ժամանակահատուածին մենք պէտք չէ խառնենք Ռուսաստանն ու Չինաստանը որպէս անբաժանելի տարր»:
Խօսելով ճգնաժամը միջուկային պատերազմի վերածուելու սպառնալիքի մասին` Քիսինճըր ըսած է. «Իմ ընդհանուր ուղերձն է` անկախ անկէ, թէ որ կողմն էք, պէտք է հասկնալ, որ մենք այժմ կ'ապրինք բոլորովին նոր դարաշրջանի մէջ: Քանի որ արհեստագիտութիւնները կը տարածուին աշխարհով մէկ, դիւանագիտութիւնն ու պատերազմը տարբեր բովանդակութիւն պէտք է ունենան, եւ այդ խնդիր պիտի ըլլայ»:
Խօսելով Չինաստանի դիրքորոշման մասին` դիւանագէտը նշած է, որ «չինացի ոեւէ առաջնորդ հիմա պիտի մտածէ, թէ ինչպէս չյայտնուի այն իրավիճակի մէջ, որուն մէջ յայտնուած է Փութինը, եւ ինչպէս չյայտնուի իրավիճակի մը մէջ, երբ ճգնաժամի պարագային ամբողջ աշխարհը քո դէմ է»: