image

Հենրի Քիսինճըրի «կեանքի կանոններ»ը

Հենրի Քիսինճըրի «կեանքի կանոններ»ը

Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար, Խաղաղության Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Հենրի Քիսինճըր մահացած է 2023թ. նոյեմբեր 29-ին, 100 տարեկանին։

Դիւանագէտը նաեւ յայտնի է որպէս հռետոր, որուն կը հրաւիրէին բոլոր յայտնի քաղաքական համաժողովներուն, որպէս գիտնական եւ գիրքերու հեղինակ։ Անոր շատ արտայայտութիւններ դարձած են աֆորիզմներ (վճիռ), իսկ անոր իւրատեսակ զուարթամտութիւնը՝ հեշտ ճանաչելի.

Վերահսկելով նաւթը՝ դուք կը վերահսկէք ամբողջ պետութիւններ, վերահսկելով պարէնը՝ դուք կը վերահսկէք ժողովուրդը։

Գիտութիւնը ԱՄՆ-ին ոչ բարեկամ երկիրներու մէջ կը դիտարկուի որպէս ռազմավարական վտանգ ԱՄՆ-ի համար։

Մեծ տէրութիւնները չեն զոհաբերեր իրենց յանուն դաշնակիցներու։

Քաղաքական գործիչներու մօտ 90 տոկոս մը կը փճացնէ միւս բոլորի վարկը։

Քաղաքական գործիչները շան նման են։ Անոնց կեանքը չափազանց կարճ է, որ կատարեն ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները։

Եթէ սովորական մարդ էք, ապա կրնաք պատրաստուիլ պատերազմի այսպէս. տեղափոխուիլ ինչ-որ գիւղական վայր, տնտեսութիւն հիմնել։ Ի հարկէ, պէտք է հետերնիդ տանիք զէնք, չէ՞ որ կը յայտնուին սովեալներու ամբոխներ։

Բոլոր կարգին մարդիկ սկսած են հետախուզութեան մէջ։ Ես նոյնպէս։

Ճգնաժամային իրավիճակի մէջ ամենահանդուգն ճանապարհը յաճախ կ՚ըլլայ ամենաանվտանգը։

Ամերիկայի թշնամի ըլլալը վտանգաւոր է, Ամերիկայի բարեկամ ըլլալը՝ ճակատագրական։

Եթէ չէք գիտեր ձեր ուղիի նպատակը, ոչ մէկ ճանապարհ ձեզ տեղ կը հասցնէ։