Ատրպէյճանական յանցաւոր գործողութիւններու հետեւանքով խաթարուած է Արցախի Հանրապետութեան Խրամորթ եւ Փառուխ համայնքներու բնականոն կեանքը: Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին գնահատականով, տուժած է աւելի քան 400 անձ` այդ շարքին կանայք, երեխաներ, տարեցնէր:
Հակառակ տարհանման հրահանգին` խումբ մը կանայք կը շարունակեն մնալ Խրամորթի մէջ: Կ'ըսեն. «Մենք թիկունքը պահենք, որ տղամարդիկ սահմանն անառիկ պահեն»: Արցախի Հանրային հեուստաընկերութիւնը տեսանիւթ պատրաստած է Խրամորթի մէջ մնացած կանանց մասին:
Մասնագիտութեամբ բուժքոյր Գայիանէ Տիգրանեանըը կ'ըսէ. «Իմ առաջնահերթ ցանկութիւնն ու երազանքն այն է, որ թշնամուն իջեցնենք Քարագլխից»: