image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք ալ թիկունքը պիտի պահենք». Խումբ մը կանայք մնացած են Խրամորթի մէջ

«Մենք ալ թիկունքը պիտի պահենք». Խումբ մը կանայք  մնացած են Խրամորթի  մէջ

Ատրպէյճանական յանցաւոր գործողութիւններու հետեւանքով խաթարուած է Արցախի Հանրապետութեան Խրամորթ եւ Փառուխ համայնքներու բնականոն կեանքը: Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին գնահատականով, տուժած է աւելի քան 400 անձ` այդ շարքին կանայք, երեխաներ, տարեցնէր:

Հակառակ տարհանման հրահանգին` խումբ մը կանայք կը շարունակեն մնալ Խրամորթի մէջ: Կ'ըսեն. «Մենք թիկունքը պահենք, որ տղամարդիկ սահմանն անառիկ պահեն»: Արցախի Հանրային հեուստաընկերութիւնը տեսանիւթ պատրաստած է Խրամորթի մէջ մնացած կանանց մասին:

Մասնագիտութեամբ բուժքոյր Գայիանէ Տիգրանեանըը կ'ըսէ. «Իմ առաջնահերթ ցանկութիւնն ու երազանքն այն է, որ թշնամուն իջեցնենք Քարագլխից»: