image

Մեկնարկած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ «Տեղեկութենաց շտեմարան» (Database) ծրագիրը. Պատասխանատուն է Վեր. Վիգէն Չոլաքեան

Մեկնարկած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ «Տեղեկութենաց շտեմարան» (Database) ծրագիրը. Պատասխանատուն է Վեր. Վիգէն Չոլաքեան

Օրերս մեկնարկած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ «Տեղեկութենաց շտեմարան» (Database) ծրագիրը, որ պիտի հաւաքագրէ եւ թուայնացնէ Հայ Աւետ. համայնքին արխիւները։  

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը այս աշխատանքը պիտի սկսի Վեր. Վ. Չոլաքեանի առաջնորդութեամբ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Պատասխանատու անձինք Հայ Աւետ. եկեղեցիներէ եւ հաստատութիւններէ հաւաքուեցան Շաբաթ առաւօտ, 10 Փետրուար 2024ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Կեդրոնատեղիի մէջ, Հայ Աւետ. համայնքին արխիւներու թուայնացման ծրագրին մասին սորվելու եւ աշխատանքի ծրագրին սկսելու։

ՄԱՀԱԵՄի նախաձեռնութեամբ, Վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Աթենքի (Քոքինիոյ) Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ հովիւ եւ Համայնքապետ Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ, յատկապէս առաքելութեամբ Պէյրութ ժամանած էր բացատրելու համար ծրագրին նպատակը եւ գործընթացը։ Ան Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդի կողմէն նշանակուած է աշխարհի Հայ Աւետ. համայնքներէն նիւթեր - նկար, հաստատագիր, հրատարակութիւն թէ ձեռագիր - հաւաքելու եւ թուայնացած տարբերակով ամբարելու «տեղեկութեանց շտեմարան»ի (database) մը մէջ։

Ներկայացման ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան անհրաժեշտ առաջին քայլերուն մասին քննարկելու եւ ընդհանուր ուղղութիւնը տեսնելու, ապագայի հեռանկար ունենալով եւ փոխադարձ պարտաւորութիւններու մասին խորհելու։

Մեծ խանդավառութեամբ ՄԱՀԱԵՄի եկեղեցիները, դպրոցները եւ հաստատութիւնները աշխատանքի պիտի սկսին Վեր. Վ. Չոլաքեանի առաջնորդութեամբ, եւ յատկապէս նշանակուած թեքնիք աշխատանքի աշխատակիցի մը օժանդակութեամբ, գիտակցելով ծրագրին պատմական եւ ինքնագիտակցութեան կարեւորութիւնը` Հայկական եւ Հայ Աւետարանական ոլորտներու մէջ։