Ամերիկահայ գործարար Վարդան Գազանճեան կը գրէ ՝
Ո՞վ կրնար պատկերացնել, որ համաճարակի այս պայմաններուն ու նաեւ տնտեսական տագնապին ժամանակ, յայտնուէինք այս կացութեան մէջ, այս երկիրը։
Այո աշխատաւոր գտնելը, մանաւանդ որոշ ձիրքեր ու տաղանդներ ունեցող, գրեթէ անկարելի է ։
Պատճառներէն մեծագոյնը տունը մնալով վճարուիլն է կառավարութեան կողմէ (unemployment benefit) գործազուրկերու օգնութեան կառավարութեան շարունակական վերանորոգումներով ։
Սխալ չհասկցուիմ ։
Միշտ ալ կարիքաւորներու ու գործազուրկերու օգնութեան ջատագովը եղած եմ ու դեռ եւս եմ, սակայն այս մէկը արդէն իր ժխտական անդրադարձը սկսաւ ունենալ փոքր առեւտրական հաստատութիւններու վրայ, որոնցմէ մէկը մեր ընտանեկանն է ։
Աշխատաւոր չենք կարողացած գտնել մեր պէտքերը գոհացնող, նոյնիսկ դիմող չեղաւ մեր ծանուցումին ։
Ինչո՞ւ աշխատի եթէ տունը նստած կրնայ վճարուիլ կառավարութեան կողմէ ու կողքէն ուրիշ գործ ընելով կանխիկ վճարուի ։
Պատճառ չունի։
Ծուլութեան վարժեցնելէն բացի՝ նաեւ այդպիսի մարդոց մեծամասնութիւնը, որոնք իսկապէս կորսնցուցին իրենց աշխատանքը համաճարակի սկիզբը կամ յաջորդող ամիսներուն, դեռ եւս մնացած են իրենց սեփական բնակարաններուն մէջ կամ ալ վարձու ու այդ պատճառ դարձած է տուներու ու վարձքերու գիներու անկանոն բարձրացման ։
Հոս ալ վնասը փոքր առեւտրական հաստատութեանց է՝ բացի աշխատաւոր չկարենալ ճարելէն՝ անոնք նաեւ չեն կրնար նոր բնակարաններ գնել որովհետեւ գիները արհեստական (artificial) ձեւով բարձրացած են ու չեն արտացոլեր իսկական տնտեսական վիճակը ։
Լուծումը իմ կարծիքով (capitalistic society) գործազուրկերու վճարումները կամաց կամաց դադրեցնելն է մանաւանդ առողջ ու երիտասարդ եւ որոշ տաղանդներով մարդոց՝ որպէսզի վիճակը բնականոն դառնայ բոլորիս համար։
Ուշ կամ կանուխ այս պիտի վերջ գտնէ, ոչ մէկ բան յաւիտենական է, սակայն մինչ այդ հազարաւոր փոքր հաստատութիւններ պիտի փակուին ու այդ աւելի ծանր հարուած պիտի ըլլայ տնտեսութեան վրայ ապագային։
Ֆիզիքապէս անկարողներու ու տարեցներու մասին չէ խօսքս՝ անոնց օժանդակութիւնը պէտք է շարունակուի, սակայն միւսները պէտք է դուրս գան իրենց մէկ ու կէս տարուայ «արձակուրդէն» ու իրենց ներդրումը կատարեն երկրի տնտեսութեան վերականգնումին։
Առանց իրենց, տնտեսական վերականգնումը անկարելի կը դառնայ՝ իսկ փոքր առեւտրական հաստատութիւնները չեն կրնար դիմանալ այս անարդար իրավիճակին ։
Փոքր առեւտրական հաստատութիւնները ՈՂՆԱՇԱՐՆ են երկրի մը տնտեսութեան ու հիմա անոնք տագնապի մէջ են ։
Անոնք նաւարկեցին վէրջին մէկ ու կէս տարին կերպով մը, մէկ երրորդը անոնցմէ փակեցին իրենց դուռները, իսկ մնացածներուն մեծամասնութիւնը 50% աշխատակազմով կը փորձեն գոյատեւել դեռ եւս։
Մինչեւ ե՞րբ: