image

«Մէկ մասնաճիւղ, մէկ ընտանիք». ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Սեմինարը

  «Մէկ մասնաճիւղ, մէկ ընտանիք». ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Սեմինարը

 Օրերս Լիբանանի Այնճար հայկական աւանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական մարմինը կազմակերպած է  շաբաթավերջեայ յատուկ սեմինար։

Սեմինարը առիթ եղած է, որ քոյր-եղբայրներ քով-քովի քան եւ միասնաբար աշխատանքներ կատարեն հայացքը ուղղելով միշտ ՀՄԸՄ-ի բարձր արժէքներուն եւ «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանախօսքին վրայ։ 

 Ի դէպ այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  «Այնճար-Մուսալեռ» դիմատետրեան էջէն։

 

 Ստորեւ եղած լրատւութիւնը՝

Շաբաթ 27 եւ Կիրակի 28 Յունուարին` Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղի խմբապետական կազմը ունեցաւ դաստիարակչական եւ ընկերային սեմինար մը, ուր պատասխանատուները միասնաբար ճոխ մթնոլորտով եւ կանչերով խաղեր կազմակերպեցի, դասախօսութիւններու մասնակցեցան եւ այլ աշխատանքներ կատարեցին որմէ ետք ուրախութեամբ տուն մեկնեցան։

Մէկ մասնաճիւղ մէկ ընտանիք։