image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ Ռաֆահի անցակէտը պիտի բանայ վերջին պատանդի աճիւնի վերադարձէն ետք

Իսրայէլ Ռաֆահի անցակէտը պիտի բանայ վերջին պատանդի աճիւնի վերադարձէն ետք

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը յայտարարած է, որ Իսրայէլը պիտի վերաբանայ Կազայի հատուածի եւ Եգիպտոսի միջեւ գտնուող Ռաֆահի անցակէտը, երբ աւարտի վերջին մահացած պատանդի՝ սերժանթ Ռան Կվիլիի մարմինը վերադարձնելու ռազմական գործողութիւնը։ Այս մասին հաղորդած է The Times of Israel-ը։

Յայտարարութիւնը եղած է այս հարցի շուրջ անվտանգութեան գրասենեակի նիստէն ետք, Ռաֆահի անցակէտը վերաբանալու միջազգային զգալի ճնշման լոյսի ներքոյ։

Նաթանիահուի գրասենեակը յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Եգիպտոսի եւ Կազայի միջեւ միակ անցակէտի բացման համար առաջադրուած էր այն պայմանը, որ պէտք է վերադարձուէին «բոլոր ողջ մնացած պատանդները», եւ «Համաս»-ը պէտք է «100% ջանքեր գործադրէր՝ գտնելու եւ վերադարձնելու բոլոր սպանուած պատանդները»։

Նաեւ ընդգծուած է, որ Իսրայէլը պիտի ընէ ամէն բան Կվիլիի աճիւնը վերադարձնելու համար։

«Այդ գործողութիւնն աւարտելէ ետք եւ ըստ Միացեալ Նահանգներու հետ ունեցած համաձայնութեան՝ Իսրայէլը պիտի վերաբանայ անցակէտը», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Հակառակ որ Նաթանիահուի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ Կվիլիի մարմինը վերադարձնելու նպատակով Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի գործողութեան յստակ ժամանակացոյց չէ նշուած, սակայն ամերիկացի պաշտօնեայ մը, որու անունը չի նշուիր, The Times of Israel-ին ըսած է, որ Ուաշինկթընը կ՚ակնկալէ, որ որոնումները պիտի տեւեն քանի մը օր, ինչը թոյլ կու տայ Ռաֆահի վերաբացումը կատարել այս շաբաթուան վերջը։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յունուար 25-ի երեկոյեան յայտնած է, որ կ՚որոնէ Կվիլիի մարմինը Կազա քաղաքի արեւելքը գտնուող գերեզմանատան մէջ։

24-ամեայ ոստիկան Կվիլին զոհուած է «Համաս»-ի կողմէ Իսրայէլի հարաւը գտնուող Ալումիմ քիպուցի պաշտպանութեան ժամանակ՝ 2023-ի հոկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցած յարձակման ընթացքին, որմէ ետք սկսած է պատերազմը Կազայի հատուածին մէջ։

Բոլոր պատանդներու վերադարձը՝ ողջ թէ մահացած, 2025 թուականի հոկտեմբեր 10-ին ուժի մէջ մտած հրադադարի համաձայնագրի առաջին փուլի հիմնական պայմանն էր։ Վերջին պատանդի մարմինը վերադարձուած է դեկտեմբերի սկիզբը։