image

Մասնակի հրադադար եւ մարդասիրական անցքեր

Մասնակի հրադադար եւ մարդասիրական  անցքեր

Ռուսական կողմը լռութեան կարգ յայտարարած եւ մարդասիրական միջանցքներ բացած է, որպէսզի Մարիոփոլի եւ Վոլնովախայի բնակիչները հեռանալու հնարաւորութիւն ունենան: Այս մասին  յայտնած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Այսօր` Մարտ 5-ին, Մոսկուայի ժամանակով ժամը 10-էն ռուսական կողմը լռութեան կարգ կը յայտարարէ եւ մարդասիրական միջանցքներ կը բանայ Մարիոփոլէն եւ Վոլնովախայէն խաղաղ բնակիչներու դուրս գալու համար», յայտնած են գերատեսչութենէն:

ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարզաբանած է, որ ուքրանական կողմին հետ համաձայնեցուած են մարդասիրականմիջանցքները եւ ելքի ուղիները: