Միացեալ Նահանգները Իրանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է անյապաղ լքելու երկիրը, քանի որ անկարգութիւնները կը շարունակեն սրիլ։
«Անմիջապէս հիմա հեռացէք Իրանէն»,-ըսուած է Իրանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առցանց դեսպանատան էջին։
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կոչ ըրած է իր քաղաքացիներուն ծրագրել Իրանէն հեռանալն առանց ԱՄՆ կառավարութեան օգնութեան։
«Եթէ չէք կրնար հեռանալ, գտէք անվտանգ վայր ձեր բնակարանին մէջ կամ այլ անվտանգ շէնքի մէջ», – նշուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։
Դեսպանատունն Իրանէն հեռանալու տարբերակ կ՚առաջարկէ Հայաստանի կամ Թուրքիոյ ցամաքային տարածքը։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան երկքաղաքացիութիւն ունեցող անձինք պէտք է լքեն Իրանն իրանական անձնագրերով։ Նշուած է, որ Իրանի կառավարութիւնը չի ճանչնար երկքաղաքացիութիւնը եւ երկքաղաքացիներուն կը վերաբերի միայն որպէս Իրանի քաղաքացիներ։
«Միացեալ Նահանգներու անձնագիր ցուցադրելը կամ Միացեալ Նահանգներու հետ կապերու ցուցադրումը կրնայ բաւարար պատճառ ըլլալ Իրանի իշխանութիւններու համար՝ ինչ-որ մէկը կալանաւորելու համար», –ըսուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։
Նախօրէին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարեց 25% մաքսատուրքի սահմանման մասին Իրանի հետ գործարք կնքող բոլոր երկիրներու համար՝ կառավարութեան կողմէ հակակառավարական ցոյցերու դէմ պայքարի շրջածիրէն ներս։
Բացի տնտեսական ճնշումներէն, Ուաշինկթընը կը դիտարկէ գործողութիւններու լայն շրջանակ, ներառեալ «սայպըր» յարձակումներ եւ հոգեբանական արշաւներ՝ ուղղուած Իրանի հրամանատարական կառուցուածքներու եւ պետական լրատուամիջոցներու խաթարման: Թրամփ նշած է, որ ուշադիր կը հետեւի իրավիճակին եւ պատրաստ է «խիստ քայլերու», եթէ Իրանի իշխանութիւնները շարունակեն ուժ կիրառել ցուցարարներու դէմ: