image

Մանուշեանի աճիւններուն Ֆրանսական Պանթէոն փոխադրութենէն առաջ վերջին այցելութիւն

Մանուշեանի աճիւններուն Ֆրանսական Պանթէոն փոխադրութենէն առաջ վերջին այցելութիւն

Փարիզէն վերահասու կը դառնանք, որ օրերս, խումբ մը հայրենակիցներ այցելութիւն տուած են Ֆրանսայի  ազգային հերոս, հայազգի՝ Միսաք Մանուշեանի շիրիմին եւ, Պանդէոն փոխադրումէն առաջ, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած։

Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Փարիզահայ համայնքային գործիչ՝  Հրանդ Նորշէնէն, որ այս մասին ալ գրառում մը կատարած է  նշելով ՝

Այսօր, Մէլինէ եւ Միսաք Մանուշեանի աճիւններուն Պանդէոն փոխադրումէն առաջ վերջին ոգեկոչում յուշարձանին առջեւ:

Մանուշեաններու վերաթաղումը պիտի կատարուի 20 եւ 21 Փետրուարին: 20-ին աճիւնները պիտի տեղափոխուին Մօն Վալէրիէն կոչուած վայրը, ուր Միսաք Մանուշեանը եւ ընկերները գնդակահարուած էին, իսկ յաջորդ օրը՝ 21-ին, Պանդէոնին մէջ պիտի վերաթաղուին՝ պաշտօնական արարողութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի պետութեան որոշումով Միսաք Մանուշեանի աճիւնը պիտի վերայուղարկաւորուի Փարիզի Պանթէոնին մէջ։

Այս մասին X-ի իր էջով տեղեկացուցած էր Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ռիմա Ապտուլ Մալաք:

«80 տարի առաջ այս օրը, բանաստեղծ, Դիմադրութեան շարժման հերոս Միսաք Մանուշեան ձերբակալուեցաւ Էւրի կայարանը, ապա գնդակահարուեցաւ իր 22 զինակից եղբայրներուն հետ։ Ան պիտի ըլլայ առաջին օտարերկեայ եւ կոմունիստական (համայնավարական) դիմադրութեան մարտիկը, որ պիտի յուղարկաւորուի Պանթէոնի մէջ։ Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 փետրուար, 2024-ին»,- գրած էր նախարարը։