image

Մալաթիոյ «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ բակին մէջ յայտնաբերուած է 5 օրական երեխայ (Լուսանկար)

Մալաթիոյ «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ բակին մէջ յայտնաբերուած է 5 օրական երեխայ (Լուսանկար)

Երէկ՝ մայիսի 8-ին, արտառոց դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ:

Ժամը 19:30-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Մալաթիոյ բաժնէն ներս տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Ռոմանոս Մելիքեան փողոցին վրայ գտնուող «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ տարածքին մէջ քանի մը օրական երեխայ յայտնաբերուած է: 

Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, ոստիկանները պարզած են, որ ստացուած տեղեկութիւնը հաւաստի է:

Եկեղեցւոյ այգեպանը աշխատանքներ կատարելու ժամանակ այգիին մէջ յայտնաբերած է նորածին երեխայ, որու մասին յայտնած է իր ծանօթ, Երեւանի բնակիչ 68-ամեայ Մարիամ Հ.-ին, որ երեխային տարած է իր տուն, խնամած: 

Ոստիկաններն այնուհետեւ գացած են Մարիամ Հ.-ի տուն եւ երեխան տեղափոխած «Սուրբ Աստուածամայր» հիւնադանոց: 

Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը ձեռնարկած են անհրաժեշտ հետախուզական եւ քննչական միջոցառումներ՝ երեխայի ծնողը յայտնաբերելու ուղղութեամբ: