ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը չի կատարեր ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Ուքրանիոյ ճգնաժամին նուիրուած դեսպաններու կլոր սեղանի ժամանակ։
Ան աւելցուցած է, որ ՄԱԿ-ը կը պաշտպանէ Քիեւի ռեժիմը՝ աչք փակելով անոր գործողութիւններու վրայ։
«Աւելին, ընդհանուր տօնը կը ձեւաւորուի հակառուսական ուղղութեամբ», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը։