image

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար՝ Կութերեշ ահազանգ կը հնչեցնէ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար՝ Կութերեշ ահազանգ կը հնչեցնէ

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին յայտարարած է, որ համաշխարհային տաքացման հետեւանքով համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակի բարձրացումը կրնայ յանգեցնել ամբողջական երկիրներու ջրասոյզ ըլլալուն, որ կը յանգեցնէ զանգուածային մահացութեան, ինչպիսին նկարագրուած է Աստուածաշնչի մէջ՝ ջրհեղեղի դրուագին մէջ։ Կութերեշ կոչ ըրած է երկիրներուն փոփոխութիւններ կատարելու իրենց օրէնսդրութիւններուն մէջ, որ անհրաժեշտութեան պարագային հնարաւոր ըլլայ ապաստան տրամադրել եւ լաւագոյն պատշպանուածութիւն ապահովել անոնց համար, որոնք կրնան տուժել համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով առաջանալիք հնարաւոր աղէտէն։

ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ աշխարհի մէջ ցածրադիր մերձափնեայ շրջաններուն մէջ կ'ապրի մօտ 900 միլիոն մարդ, եւ անոնք բոլորն ալ  խիստ ռիսքային գօտիի մէջ են։ «Ամբողջական երկիրներ կրնան ընդմիշտ անհետանալ»,- նախազգուշացուցած է Կութերեշ։ Սառցադաշտերու շարունակական հալման պայմաններուն ջրասոյզ ըլլալու վտանգի առաջ կանգնած են ոչ միայն կղզային պետութիւնները։ Նոյնիսկ Հոլանտան, Պանկլատեշը, Հնդկաստանն ու Չինաստանը ռիսքային գօտիի մէջ են։

Բնապահպանները նշած են, որ համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակի բարձրացումը պիտի ուղեկցուի աւելի յաճախակիացող հեղեղումներով ու փոթորիկներով։ Ընդ որում, ե՛ւ ջուրը, ե՛ւ հողը պիտի աղտոտին աղով եւ մարդու բնականոն կենսագործունեութեան համար պիտի դառնան ոչ պիտանի։

Գիտական հաշուարկներով՝ 1900-2018 թուականներուն համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակը բարձրացած է 15-25 սմ-ով։ Եթէ մինչեւ 2100 թուականը Երկիր մոլորակի վրայ օդի ջերմաստիճանը տաքնայ 2 աստիճանով, ապա համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակը կը բարձրանայ եւս 43 սանթիմեթրով։ Եթէ ջերմաստիճանը աւելնայ 3-4 աստիճանով, ապա համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակը կը բարձրանայ մինչեւ 84 սանթիմեթրով։

Science հանդէսն այս տարեսկիզբին հրապարակած էր հետազօտութիւն, ըստ որու՝ համաշխարհային տաքացման ներկայ ընթացքի պահպանման պարագային 2100 թուականին հալած պիտի ըլլայ սառցադաշտերու 68 տոկոսը։