Երեւանի մէջ գիշերը մահացած է ՀՅԴ յայտնի գործիչ Հրայր Մարուխեանի դուստր՝ Շաղիկ Մարուխեանը: Այդ մասին յայտնած են «Ուըրլտ Վիժըն Հայաստան» կազմակերպութենէն, ուր աշխատած է ան: Շաղիկը միաժամանակ կը ղեկավարէր Հրայր Մարուխեանի անուան հիմնադրամը:
«Սիրելի գործընկերներ,
Այսօր առաւօտեան լոյսը մեր բոլորի համար բացուեց ցաւալի լուրով։
Մեր սիրելի Շաղիկը` մեր ընկերը, մեր հարազատը, մեր ապաւէնը, մահացաւ արագ զարգացող հիւանդութիւնից․․․ Սա ահռելի կորուստ է իւրաքանչիւրիս եւ Վորլտ Վիժնի մեծ ընտանիքի համար:
Անասելի ցաւ ու վիշտ ենք ապրում բոլորս՝ անդառնալի է կորստը, դատարկութեան զգացողութիւնը պատել է մեզ։
Շաղիկը լաւ ընկեր էր, սիրող զաւակ, հոգատար մայր, մեծ հայրենասէր։
Աստծով մխիթարուենք ու աղօթենք մեր սիրելի Շաղիկի հոգու հանգստութեան համար։
Հոգեհանգստի եւ յուղարկաւորութեան մասին կը տեղեկացնենք լրացուցիչ։
Աստուած համբերութիւն եւ մխիթարութիւն տայ Շաղիկի ընտանիքին, հարազատներին, բոլորիս:
Րաֆֆի Դուդակլեան»: